«Երէկուան Ցաւդ Այսօրուան Ուժդ Է»
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աշխարհի «օրինագիրք»-ին մէջ տեղ գտած «կեանքը ցաւով ցաւ է» մարդադիր օրէնքը այնքան ալ համոզիչ չէ անոնց համար, որոնք կեանքին կը մօտենան ու կը դիտեն զայն տարբեր պրիսմակով, սեւեռակէտով ու մտատեսութեամբ: «Օրինագիրք»-ի հեղինակը ժողովուրդն է, որ կեանքի դժխեմ եւ լաւ օրերուն իր մտքէն թէ սրտէն արտաբերած է զանազան ինքնահամոզկեր նախադասութիւններ, զորս ցայսօր կը լսենք ու կը գործադրենք:
Հասարակաց կարծիքը, այս պարագային, ժողովրդականացած սկզբունքային խօսքերը վստահաբար ունեցած են շարժառիթ ու հիմք, բայց եւ այնպէս երբ զայն շերտային դրութեամբ եւ կեանքի արժեչափերով առնես ու քննարկես, պիտի տեսնես, թէ երբեմն համաժողովրդականութիւն վայելող այդ համընդհանուր, խօսքերը կա՛մ սխալ են, կա՛մ ժամանակավրէպ դարձած են եւ կամ լեզուի խորերը թաղուած բառակապակցութիւններ են սոսկ:
Հարցում. կեանքը արդեօ՞ք ցաւ է, թէ՞ ոչ կեանքը ապրող մարդիկն են զիրար ցաւցնողները: Կեա՞նքն է ցաւ պատճառողը, թէ՞ ոչ կեանքին մէջ պատճառաւորուած պատճառը` մարդ արարածը ի՛նքն է հերոսը այդ յառաջացած ցաւին: Արա՞րքն է ցաւին յանձնակատարը, թէ՞ ոչ հեղինակը ի՛նքն է տէրը իր արարքին: Արարքը գոյութիւն չ՛ունենար եւ ոչ ալ կատարուած արարքը «արարք» հասկացութիւնը կը զգենու, եթէ չկայ «արարքը» արարողը, կատարողը` անձը…
Հասկնալու համար ցաւին «ակունքը», նախ ըսենք, թէ ո՞վ է մարդը եւ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ան: Ալեքսիս Քարել մարդու մասին գրած իր հեղինակաւոր գիրքը կոչած է հետեւեալ վերնագրով` «L’homme cet inconnu»` «Մարդը` այս անծանօթը»: Յաճախ ըսուած է, թէ մարդ արարածը մանրաշխարհ մըն է, ըստ որուն, մարդ իր բնութեան մէջ ըմբռնուած է իբրեւ ներքին խոր հակասութեան մը պատկեր կամ հանդիսարան: «Իր մէջ երկու հակամարտ ու հակընդդէմ ուժեր կարծես տեւաբար կը տարուբերեն զինք երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ» (Ալեքսիս Քարել): Այս երկու աշխարհները` անհունն ու հունաւորը, երկրաւորն ու երկնայինը մենք կը տեսնենք միաժամանակ ներկայ թանձրական մեր կեանքի փորձառութեանը մէջ: «Մարմնով` մեր նիւթեղէն իրականութեամբ կը գրաւենք տեղ մը որոշ ժամանակի մը, որոշ տարածութեան մը, որոշ հատուածի մը մէջ, բայց միաժամանակ կրնանք ներկայ ըլլալ ուրիշ աշխարհի մը մէջ, եւ անտեսելով ժամանակային ու տարածական պայմանները մեր նիւթեղէն գոյութեան` կրնանք մտածել այլ աշխարհի մը մասին, ապրիլ` ուրիշ իրականութեանց հետ հոգեկան հաղորդակցութեամբ» (Ալեքսիս Քարել): Օրինակ` կը դիտենք մարդու մը արարքը ու կը հրճուինք անոր բարութեան գաղափարով եւ կամ կը տառապինք չարութեամբ: Ահա հո՛ս կը կայանայ մարդու հայեցակէտը դէպի յայտնուող առարկան ու դէպքը: Կրնաս բարեկամիդ ուրախութեամբը ուրախանալ եւ յաջողութեամբը պարծենալ, բայց միանգամայն կրնաս նախանձի եւ ատելութեան ոգիով, քսութեան եւ առունկնճառ նկարագրով անոր չարիքը կամենալ եւ ըստ այդմ` ՑԱ՛Ւ պատճառել տուեալ անձին` ինչ-ինչ միջոցներով ու հնարամտութեամբ:
Հոգեբանական տեսութեամբ, մարդկային արժեհամակարգը կը ձեւակերպուի բացասական եւ դրական ուրուագծումներով ու նախագիծերով, որոնց զուգընթաց միաձուլումով ու խմորումով կը կերտուին նկարագիր ու խառնուածք: Իսկ ենթագիտակցութեան մէջ խոր արմատներ կը նետեն համոզումներ ու հիմնակէտեր, որոնք կը բնորոշեն մարդ արարածը եւ իսկատիպ մարդու կերպարը: Այն աննկատ ու աննշմար սահմանագիծը, որ յաճախ գիտիկոսներ անկարեւոր ու անհիմն կը սեպեն, մարդ-աստուածային ՍԷՐ-ն է, որ կը համալրէ մարդ էակին գոյութենական իմաստը: Եթէ ծնունդէդ ի վեր մէջդ ցանուած սէր-ծաղիկը պատուաստած ես եւ պահպանած, ինքնաբերաբար ցաւ չե՛ս պատճառեր բարեկամիդ կամ նմանակիցիդ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ սէր-ծաղիկը միայն սէ՛ր կը տարածէ իր չորսդին: Իսկ եթէ այդ սէր-ծաղիկը անհոգութեանդ պատճառով փուշով ու տատասկով շրջապատուած է, ո՛չ միայն դուն ինքդ կը ցաւիս, այլեւ կը ցաւցնես, կը վշտացնես, կը սրդողեցնես քեզի հետ երկխօսութեան մէջ մտած զրուցակիցդ:
Ցաւատանջութեամբ տառապող դերակատար անձը, իբրեւ վիրաւորուած ու նեղացած անձ, կ՛ուզէ հակադարձել եւ ձեւով մը կամ առիթով մը վնաս հասցնել զինք այս վիճակին մէջ խրած անձնաւորութեանց: Մարդկային մտածողութեամբ հաւանաբար իրաւունք կու տաս դուն քեզի նման արարք մը կատարելուդ համար, բայց եւ այնպէս խոհուն մարդուն վարքագծին չի՛ վայելեր, անյարիր է նմանօրինակ վերաբերմունք: Ատելութեան դէմ` ատելութիւն, վրէժխնդրութեան դէմ` քինախնդրութիւն, ոխակալութեան դէմ` թշնամութիւն սերմանելը սահմանափակ, անշրջահայեաց մարդոց վայել ու յատուկ է միայն: Խոհեմ երիտասարդը կը ջանայ իր ընկերոջ մէջ երկու կողմերը միաժամանակ տեսնել` բարին եւ չարը: Կոյր չի՛ կրնար ըլլալ, ձեռնածալ չի՛ կրնար նստիլ ի տես իրեն դէմ կատարուող չարախինդ ցեխարձակումներուն, բայց որպէս բանիմաց երիտասարդ, կը գիտակցի, որ մարդ արարածին կարեւոր էութիւնը ԲԱՐԻ՛Ն է: Ուստի, իր ուշադրութիւնը յառելով բարիին վրայ, կը ներքաշէ անոր ուժերը եւ կ՛աճեցնէ բարին իր եւ ուրիշներուն մէջ:
Փաուլօ Քուէլոյի «Երէկուան ցաւդ այսօրուան ուժդ է» խօսքը զուր տեղ չէ, որ արտասանուած է: Շատեր այս խօսքին մէջ կը տեսնեն ներքին ուժականութիւն մը, կարծես զիրենք աւելի եւս կ՛ոգեզինէ, կը ջլապնդէ եւ նոր զսպանակուած ուժգնութեամբ կեանքին կը կապէ: Կեանքը միայն ձախորդութիւն, ցաւ, նեղութիւն, տուայտանք ու սուգ չէ՛, սիրելի՛ բարեկամ: Այո՛, շատերու ոսոխալի խօսքերը եւ թշնամական առհաւրալի արարքները քեզ ամբողջապէս յուսաբեկ կը դարձնեն: Սակայն երբեք հարց տուա՞ծ ես դուն քեզի, թէ ի՞նչն է պատճառը որ ստէպ կը ցաւիս կամ ո՞վ է քեզ ցաւցնողը: Ահաւասիկ պատասխանը.-
Շաբաթ մը առաջ, երբ ֆրանսերէն լեզուով բարոյական գիրք մը կը կարդայի, այնտեղ հանդիպեցայ «Բարեկամութիւններ» խորագրով կարճ յօդուածի մը, ուր հեղինակը բարեկամութեան տեսակները թուարկած էր հետեւեալ դասակարգումով. «Հեռու բարեկամութիւններ կան, որոնք կը նմանին ծովուն մէջտեղ գտնուող կղզիին ու լեռներուն միջեւ հոսող լիճին: Իրենց բարեկամութիւնը իրարու ցերեկը թռչուններով կը փոխանցեն, իսկ գիշերը` աստղերով: Անձայն բարեկամութիւններ կան, որոնք կը նմանին համրի կամ խուլի մը ձեռքերուն: Այս անձայն ձեռքերը ամէն տեսակ նիւթի մասին կը խօսին: Երկար բարեկամութիւններ կան, որոնք երեկոյեան, արեւու տակ երկարող շուքերու պէս իրարու կը միանան եւ երկարահասակ բարեկամութիւն մը կը կազմեն: Անժամանակ բարեկամութիւններ կան, որոնք կը նմանին թաշկինակի մը, որ անժամանակ մեր աչքերուն բարեկամը կ՛ըլլայ եւ կամ կը նմանին բաժանման պահուն տրուած ճիւղ մը մեխակին: Անխնամ բարեկամութիւններ կան, որոնք արդէն «բարեկամ ենք» ըսելով` տարիներով հեռաձայն մը, քանի մը նախադասութիւնով նամակ անգամ չեն գրեր…»: Հասկցողը կը հասկնայ անշուշտ…
Պետրոս առաքեալ խօսելով չարին ու նեղութեանց մասին` կը յորդորէ` ըսելով. «Չարին փոխարէն` չար մի՛ հատուցանէք, ոչ ալ նախատինքի փոխարէն` նախատինք, ընդհակառակը` օրհնեցէ՛ք» (Ա. Պտ 3.9): Իսկ Յակոբոս առաքեալ երանի կու տայ փորձութեանց ու նեղութեանց մէջ եղողներուն, որոնք կը տոկան. «Երանի՜ այն մարդուն, որ կը տոկայ փորձութեան, որովհետեւ փորձութենէն յաղթական դուրս եկողը որպէս մրցանակ պիտի ստանայ այն կեանքը, որ Տէրը խոստացաւ տալ զինք սիրողներուն» (Յկ 1.13): Նախատինքի փոխարէն` նախատինք, անէծքի փոխարէն` անարգանք, լուտանքի փոխարէն` անիրաւութիւն, ՑԱՒԻ փոխարէն` ՉԱՐԻՔ ցուցաբերելով չկարծես, թէ վրէժդ լուծած կ՛ըլլաս, այլ ընդհակառակը, քինաթաքոյց ու չարայուշ անձնաւորութիւն մը կը դառնաս: Ցաւա՞ծ ես, վշտացա՞ծ ես երբեք, պահ մը անսա՛ Աստուածորդւոյն խօսքին, որ կ՛ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն» (Մտ 5.44):
Երկու ընկերներ ճամբեգնացութեան ընթացքին կը վիճաբանին եւ մէկը միւսը կ՛ապտակէ: Ապտակուողը կը ցաւի, բայց առանց բան մը ըսելու` աւազին վրայ այսպէս կը գրէ. «Այսօր ամենալաւ ընկերս ապտակեց զիս»: Մինչեւ ովասիս հասնիլնին, կը շարունակեն քալել եւ կ՛որոշեն ջուր մտնել: Ապտակուող ընկերը յանկարծ ճահիճի մը մէջ կը մխրճուի եւ կը սկսի խեղդուիլ, բայց ընկերը իսկոյն կ՛ազատէ զինք: Խեղդուելէ ազատող ընկերը ժայռի մը վրայ այսպէս կը գրէ. «Այսօր ամենալաւ ընկերս կեանքս փրկեց»: Ապտակողն ու կեանքը փրկողը կը հարցնէ. «Երբ հոգիդ ցաւցուցի, աւազին վրայ գրեցիր: Լա՛ւ, ինչո՞ւ հիմա քարին վրայ գրեցիր»: Ընկերը կը պատասխանէ. «Երբ մէկը մեր հոգին ցաւցնէ` աւազին վրայ պէտք է գրենք, որովհետեւ ներումի հովը կրնայ սրբել այդ գրութիւնը: Իսկ մէկը եթէ մեզի համար լաւութիւն մը ընէ, քարին վրայ պէտք է փորագրենք, որովհետեւ ո՛չ մէկ հով կրնայ զայն սրբել»:
Սիրելի՛ ընթերցող, այս օրերուն դժուար գտանելի են մանաւանդ նմանատիպ մարդավայել վերաբերմունք ունեցողներ: Անձիք, որոնք իրենց համակ կեանքը ջրդեղած են քրիստոսաուսոյց վարդապետութեամբ ու պատուիրաններով: Սաղմոսերգակ Դաւիթ թագաւոր շատ գեղեցկօրէն բնութագրած է իր կեանքը` ըսելով. «Պանդուխտ եմ ես երկրի վրայ» (Սղ 119.19): Իսկ Պետրոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ Աստուած «Հայր» կը կոչէք… աստուածավախութեամբ ապրեցէք ձեր պանդխտութեան տարիները» (Ա. Պտ 1.17): Աստուած կը զգուշացնէ մեզ մեր կեանքը միայն «այսօր»-ով եւ «այստեղ»-ով դատելէ եւ աշխարհի չափանիշերով ապրելէ: Եթէ աշխարհի մտայնութեամբ ապրող արարած մըն ես, ուրեմն պէտք է «ցաւցնես» քեզի ցաւ պատճառողը, ինչ որ սխալ եւ անընդունելի է: Սակայն եթէ Աստուծոյ վստահող հաւատաւոր հայորդի մըն ես, այն ատեն Մովսէսի «Աչքի դէմ աչք, ակռայի դէմ ակռայ» (Ել 21.24: Ղւ 24.20: Բ. Օր 19.21) դրուած օրէնքին փոխարէն` վիշտերդ աւազի եւ կատարուած լաւութիւնները քարի վրայ կը գրես…
Ո՛րքան ալ ցաւցնեն քեզ, միշտ յուսադրուէ՛, որովհետեւ «Երէկուան ցաւդ այսօրուան ուժդ է…»:

