Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպիսի՞ Վերաբերում Ունենալ Բարդ Հիւանդութիւններէ Տառապող Հիւանդներու Հետ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 15 մայիս 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպիսի՞ վերաբերում ունենալ բարդ հիւանդութիւններէ տառապող հիւանդներու հետ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց հոգեբան Անիթա Փափազ:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը, նշեց, որ իւրաքանչիւր հիւանդ իւրայատուկ պարագայ մըն է, որ տարբեր ձեւերով կը հակազդէ տարբեր հիւանդութիւններու: Հիւանդին առողջական եւ հոգեկան վիճակը պէտք է լաւապէս հասկնալ, վախը եւ անձկութիւնը աւելի կրնան ծանրացնել հիւանդին կացութիւնը:
Հոգեբան Անիթա Փափազ դասախօսութեան սկսաւ նկարագրելով այն վիճակը, երբ ընտանիքին անդամներէն մէկը կը հիւանդանայ, եւ այն կացութիւնը, որ կը ստեղծուի ընտանիքին ու շրջապատին մէջ` ունենալով իր ընկերային, տնտեսական տարբեր մակարդակի հետեւանքները: Յաճախ անսպասելիօրէն պատահող վերոնշեալ փոփոխութիւնը շրջապատը եւ ընտանիքի անդամները կը դնէ դժուար կացութիւններու առջեւ: Անհրաժեշտօրէն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ինչպէ՛ս կ՛անցնի այս ժամանակաշրջանը եւ ի՛նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ ապագային վրայ: Այս հանգրուանին հոգատարի պայմանները պէտք է ըլլան կայուն եւ հաստատ` շարունակել կարենալու համար հիւանդին որակաւոր առողջապահական ու հոգեբանական խնամքը:
Շարունակելով նիւթը` հոգատարի առողջ ու կայուն ֆիզիքական ու առողջապահական վիճակի պահպանման առումով հոգեբանը ներկաներուն հարցուց, թէ քանի՛ հոգիներ խնամած են կամ կը խնամեն հիւանդներ իրենց ընտանիքներուն մէջ, եւ լսելով զանոնք փորձեց բացատրել ներկայացուած տարբեր կացութիւնները:
Հոգեբան Անիթա Փափազ յաջորդ բաժինով թուեց տարբեր հիւանդութիւններ, ինչպէս` սրտանօթային հիւանդութիւնը, շաքարախտը, գերճնշումը, երիկամային, շնչառական, լեարդային հիւանդութիւնները, ալզհայմըրը, փարքինսընը, որոնք ունին տարբեր ընթացք, եւ լաւապէս հասկնալու ու խնամելու համար խնդրոյ առարկայ անձը, հոգատարը պէտք է տեղեակ ըլլայ հիւանդութեան հիմնական գիտելիքներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնայ հիւանդին:
Դասախօսը նշեց նաեւ տարբեր նշաններ, ախտանշաններ, կամ փոփոխութիւններ, զորս պէտք է նկատի ունենալ` համապատասխան միջոցներու դիմելու եւ ամբողջական հոգատարութիւն ապահովելու համար հիւանդին:
Ի՞նչ են այն միջոցները, որոնք կը նպաստեն հոգատարի բարւոք վիճակին:
1.- Լաւապէս տեղեակ ըլլալ հիւանդութեան մասին:
2.- Լաւապէս հոգ տանիլ իր անձին:
3.- Կարողութիւնները եւ սահմանները լաւապէս գիտնալ:
4.- Շրջապատին հետ փոխյարաբերութիւնները լաւապէս պահել:
5.- Նեցուկ կանգնող խմբակ մը ունենալ:
6.- Փորձել լաւագոյն օգնութիւնը ստանալ շրջապատէն:
Աւարտին հոգեբան Անիթա Փափազ մանրամասն բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


