Յարութ Սասունեան Եւ Մհեր Յովհաննիսեան Այցելեցին «Ազդակ»
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցան «Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան: Անոնք Լիբանան կը գտնուին հրաւէրովը Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին` մասնակցելու համար «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները» նիւթով գիտաժողովին` իբրեւ զեկուցաբերներ:
Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացած էր հայկական լրատուամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան արդի համակարգին վերաբերող խնդիրներուն վրայ:
CATEGORIES Գաղութային

