Անգլիոյ Բաժակակիր Ուիկըն Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ
Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Ուիկըն Աթլեթիք հանդիսացաւ Անգլիոյ առաջին խումբը, որ կը տիրանայ այս տիտղոսին եւ կը փոխադրուի Ա. դասակարգ:
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով իր կատարած 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին անիկա 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Արսենալէն, հանդիսացաւ երրորդ խումբը, որ այսպիսով Ռիտինկի (19-րդ) եւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի (20-րդ) հետ հրաժեշտ կու տայ բարձրագոյն դասակարգին:
Ախոյեանութեան աւարտին առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը կը մասնակցին «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին, 4-րդը` նոյն մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, իսկ 5-րդը` «Եուրոփա լիկ»-ին:
Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.
ԿԷՏ
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 88
2.- Մանչեսթըր Սիթի 78
3.- Չելսի 72
4.- Արսենալ 70
5.- Թոթենհամ 69
6.- Էվըրթըն 63
…………………………………………….
17.- Սանտըրլենտ 39
18.- Ուիկըն 35
19.- Ռիտինկ 28
20.- Քուինզ Փարք 25

