Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Թուրքիա Սուրիացի Գաղթականները Այլ Երկիր Կ՛ուզէ Փոխադրել

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը յայտնեց, որ «Թուրքիա, որ աշխարհի վրայ տասնամեակներէ ի վեր գաղթականներու մեծագոյն տագնապներէն մէկը կը դիմագրաւէ, աշխարհին անմիջական կոչ կ՛ուղղէ` միջազգային դրամական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ հարուստ երկիրներուն, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներուն ու եւրոպական պետութեանց կոչ կ՛ուղղէ` սուրիացի գաղթականներէն մեծ թիւ մը ընդունիլ սկսելու»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ «այս կեցուածքը փոփոխութիւն մը կը նկատուի թրքական կառավարութեան համար, որ միշտ ալ պնդած էր, որ Անգարա կրնայ ֆինանսական գետնի վրայ տագնապը դիմակայել եւ այդ մէկը ազգային պարծանքի աղբիւր նկատած էր», սակայն գաղթականներու հետզհետէ աճող թիւը թրքական կառավարութեան վրայ ճնշումները բարձրացուցած է եւ, «ըստ Անգարայի մէջ պաշտօնատարներու, Թուրքիա կ՛ուզէ գաղթականները օդի ճամբով փոխադրել, սակայն կը թուի, թէ չկայ պետութիւն մը, որ պատրաստ է այդ գաղթականները հիւրընկալելու»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը օրաթերթին յայտնած է, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք չէ միայն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրէ, այլ պէտք է իր երկրին դռները բանայ այդ գաղթականներուն դիմաց: Միջազգային ընտանիքը իսկական ընդառաջման մէջ մեծապէս ձախողեցաւ»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա յայտարարեց, որ չորեքշաբթի ուշ գիշերին Ռէյհանիյէի մէջ ականահարումներու հարցով Թուրքիոյ մէջ չորս կասկածելիներ ձերբակալած է:

«Անատոլու» կը նշէ, որ թուրք դատախազներ 8 կասկածեալներ հարցաքննելէ ետք զանոնք յանձնած են Ատանայի մէջ դատարանի մը, որ անոնցմէ չորսը ազատ արձակած է եւ մնացեալ չորսին արգելափակումը երկարաձգած:

Ռէյհանիյէի հարցով 17 անձեր ձերբակալուած են: Թրքական ոստիկանութիւնը կը շարունակէ մնացեալ կասկածեալները հարցաքննել:

Մինչ այդ, «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երէկ այցելած է Ռէյհանիյէ եւ անոր բնակիչներուն կոչ ուղղած է` չտարուելու սադրանքներով եւ շարունակելու հանդուրժողաբար վերաբերիլ սուրիացի գաղթականներուն:

Կիւլ խոստացած է, որ Ռէյհանիյէի ականահարումներուն մեղաւորները անպայման պատասխան պիտի տան:

 

Share this Article
CATEGORIES