Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Հիթ Եւ Կրիզլիզ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մայեմի Հիթ ապահովեց Արեւելեան շրջանի աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` 4-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք տիտղոսակիր Շիքակօ Պուլզի վրայ: Իր կատարած 5-րդ մրցումին, Հիթ 94-91 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հասաւ աւարտական հանգրուան:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 23 կէտ, իսկ Քարլոս Պուզըր (Պուլզ)` 26 կէտ:

Իր կարգին, Մեմֆիս Կրիզլիզ ապահովեց արեւմտեան շրջանի աւարտականի իր տոմսը` 4-1 արդիւնքով յառաջանալով Օքլահոմա Սիթիի վրայ, 88-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Զեք Ռենտոլֆ (Կրիզլիզ) նշանակեց 28 կէտ, իսկ Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա)` 21 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Նիւ Եորք Նիքս կը հիւրընկալէ Ինտիանա Փէյսըրզը, իսկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` Սան Անթոնիօ Սփըրզը:

Նշենք, որ Փէյսըրզ այժմ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանայ, իսկ Սփըրզ` 3-2 արդիւնքով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )