Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Հայաստանը Պիտի Ներկայացնեն 11 Մարզիկներ

17-21 մայիսին Իտալիոյ Քրեմա քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի Սամպոյի մեծերու ախոյեանութեան մրցումները:

Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նիւթական պատճառով հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք չէ կրցած կատարել:

Հայաստանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի նախագահ Լեւոն Հայրապետեան: Անոր մաս կը կազմեն մարզիչներ Վովիկ Խոճայեան, Էռնեսթ Միրզոյեան եւ իրաւարար Էդուարդ Ասլանեան:

Իսկ 11 մարզիկներն են` Տիգրան Կիրակոսեան, Սօսէ Պալասանեան, Մխիթար Մխիթարեան (52 քկ), Գայեանէ Խաչատրեան (60 քկ), Արէն Անտոնեան (62 քկ), Վաչիկ Վարդանեան (68 քկ), Մաւրիկ Նասիպեան (74 քկ), Աշոտ Դանիէլեան (82 քկ), Դաւիթ Գրիգորեան (90 քկ), Յակոբ Առաքելեան (100 քկ) եւ Արտիւշա Մկրտչեան (100 քկ եւ վեր):

 

 

Share this Article
CATEGORIES