«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱԿԻ

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, «Հայ մանուկի տարուան» առիթով երէկ` ուրբաթ, 20 մայիս 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական երգերու մեկնաբան Մակի:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ բաւական ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ Մակի մեկնաբանեց մանկական երգերու շարք մը, ինչպէս` «Շոգեկառք», «Փիսիկը», «Մկնիկներ», «Մառան մտայ», «Մատիկներ», «Տաթեւիկ», «Մոկլի», «Մամայիս», «Ծովափ», եւ այլն: Մակիին կ՛ընկերանային նապաստակը, կովուկը, պուպրիկը, խամաճիկը, նաեւ մանկական պարախումբ մը:

Յայտնենք, որ Մակի ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ այսօր` շաբաթ, 21 եւ վաղը` կիրակի, 22 մայիսին` նոյն վայրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES