ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Վեհափառը իր պատգամը կ՛ուղղէ եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին

Չորեքշաբթի, 18 մայիսի երեկոյեան, Քուէյթի պետական համալսարանի սրահին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Քուէյթի Ազգային վարժարանի 50-ամեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:

Արդարեւ, անցնող ամիսներուն ընթացքին Ազգային վարժարանի 50-ամեակին առիթով տեղի ունեցած էին շարք մը ձեռնարկներ, որոնց նպատակն էր մէկ կողմէ արժեւորել Ազգային վարժարանի անցնող յիսուն տարիներու գործունէութիւնը, իսկ միւս կողմէ վերաշեշտել հայ դպրոցին դերը ազգային կեանքին մէջ: Եզրափակիչ հանդիսութիւնը վեհափառին համար առիթ հանդիսացաւ նոյն մօտեցումով ու հեռանկարով յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծելու հայ դպրոցին վիճակուած ճակատագրական դերը, մանաւանդ սփիւռքի մէջ: Հանդիսութեան փակման իր պատգամին մէջ վեհափառը ըսաւ. «Սփիւռքը պէտք է հպարտանայ, որ ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք եկեղեցի ու դպրոց շինեց եւ անոնցմով հայ կեանքը վերաշինուեցաւ, վերածաղկեցաւ ու վերահզօրացաւ հոգեւոր թէ ազգային իմաստով: Հայ մնալը սփիւռքի մէջ ամէնօրեայ պայքար էր եւ այդ պայքարը սփիւռքը յառաջ տարաւ հաւատքով ու վճռակամութեամբ: Այդ պայքարին յառաջապահ զինուորը եղաւ հայ դպրոցը»: Վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ դպրոցը սովորական կառոյց մը չէ, այլ` եկեղեցւոյ կողքին սիրտը կը կազմէ համայնքի մը: Վեհափառը ըսաւ. «Սա պահուն Քուէյթէն կոչ կ՛ուղղեմ մեր բոլոր գաղութներուն` վերանորոգ նախանձախնդրութեամբ մօտենալու հայ դպրոցին եւ անոր հայօրէն կենսաւորիչ դերին: Ազգային իմաստով հերետիկոսութիւն է որեւէ մտածելակերպ կամ գործելակերպ, որ կը փորձէ հայ դպրոցին դերը նսեմացնել կամ լուսանցքայնացնել` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Հայ դպրոցը սրբազան կառոյց է իր սրբազան առաքելութեամբ: Անոր պէտք է մօտենալ երկիւղածութեամբ»:

Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց Քուէյթի եւ Ծոցի շրջանի առաջնորդ սրբազաններուն ու հոգեւոր հայրերուն, որոնք կարեւոր դեր ունեցան Ազգային վարժարանի հիմնադրութեան ու առաքելութեան մէջ: Ապա վեհափառը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Քուէյթի Ազգային վարժարանի յիսուն տարիներու առաքելութեան մասնակից դարձած տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Վեհափառը նաեւ յատուկ կերպով գնահատեց 50-ամեակի յանձնախումբը, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին տքնաջան աշխատանքով կազմակերպեց յիսնամեակի հանդիսութիւնները:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին Քուէյթի կրթութեան նախարարը, վարժարանին մէջ ծառայած նախկին տնօրէնները, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետը: Բոլորն ալ շեշտեցին դպրոցին բերած կարեւոր նպաստը Քուէյթի ազգային կեանքի կազմակերպման ու ծաղկման եւ ընդհանրապէս հայապահպանման աշխատանքներուն:

Եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ ազգային տոհմիկ պարերով, նուագով ու երգերով մթնոլորտը ոգեւորեցին դպրոցի պարախումբը եւ այս առիթով Լիբանանէն ու Հայաստանէն հրաւիրուած երաժիշտներ: Յատկանշական էին նաեւ դպրոցին խնամակալութեան կողմէ նախկին տնօրէններուն ու ուսուցիչներուն իբրեւ սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն տրուած յատուկ յուշանուէրները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES