Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Կամ Անիշխանութիւն

Խորհրդարանական ենթայանձնախումբի նիստէն պահ մը

Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրին իր նիստը գումարեց Այն Թինէի մէջ` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Պըրրի նիստին բացումը կատարեց արտասանելով հետեւեալ խօսքը. «Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգում կամ անիշխանութիւն»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զօրակցի խորհրդարանի նստաշրջանի թեքնիք երկարաձգումին եւ կը մերժէ Տոհայի ընտրական օրէնքը:

Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մերժէ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանի երկարաձգումը եւ կը մերժէ 1960-ի օրէնքը, սակայն անոր թեկնածուները ներկայ ընտրական օրինագիծին հիման վրայ պիտի առաջադրեն իրենց թեկնածութիւնը:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ 1960-ի ընտրական օրէնքին:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ նախընտրեց լուռ մնալ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան պահանջեց, որ ընտրական օրինագիծին քննարկումը խորհրդարանական այս սեղմ յանձնախումբէն խորհրդարանի լիագումար նիստին փոխանցուի:

Ատուանի այս պահանջին առաջին մերժումը արձանագրուեցաւ խորհրդարանի նախագահէն: Պըրրի ընդգծեց, որ ինք խորհրդարանը լիագումար նիստի մը պիտի չհրաւիրէ, եթէ ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն կարելի չըլլայ գոյացնել:

Խորհրդարանի նախագահը ենթայանձնախումբի անդամներէն խնդրեց վերադառնալ իրենց ղեկավարութիւններուն հետ խորհրդակցութեան` աւելցնելով, որ անոնք տասը օր ունին յանգելու համար խորհրդարանին ներկայ նստաշրջանը երկարաձգելու շուրջ համախոհութեան:

Անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի ունենայ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ` փրկելու համար երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն մնացորդացը:

Պըրրի խորհրդարանի սեղմ յանձնախումբին յաջորդ նիստի թուական մը չճշդեց, սակայն յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին` հասնելու համար իրենց աւարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )