Հեծելարշաւ. Թանիոս Միրի Անուան Բաժակի Մրցաշարք. Մելիքեան, Ռահմէ Եւ Հըպէյքա Հանդիսացան Տիտղոսակիր
Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին բացման առիթով, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքը, ծանօթ` Թանիոս Միրի մրցաշարք անունով. վերջինս անցեալին եղած է Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ (1970-1998):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 65 երկսեռ հեծելանւորդներ, բաժնուած` երեք դասակարգերու. Մասթըրզ` 45 տարեկան եւ վեր, աղջիկներ եւ տղաք:
Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ) «Պալատ» ճաշարանին առջեւէն սկսած այս մրցաշարքին առաջին երկու դասակարգերուն ընդհանուր երկարութիւնը եղաւ 45 քմ, իսկ երրորդինը` 90 քմ:
Ստորեւ մրցումներուն արդիւնքները.
1.- Վազգէն Մելիքեան (ֆետերասիոնի փոխնախագահ) 1 ժամ 17′ 27″
2.- Ուաժիհ Ապու Խաթեր` նոյնը
3.- Միքի Շըպլի` 3″ ուշ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
1.- Լինա Ռահմէ (Աթլեթիքօ Պէյրութ)` 1 ժամ 17′ 29″
2.- Քարոլ Պոյաճեան` 2″ ուշ
3.- Ժոյել Տաու` 1 ժամ 17′ 41″
ՏՂԱՔ
1.- Ռեմոն Հոպէյքա (Աթլեթիքօ Պէյրութ)` 2 ժամ 23′ 49″
2.- Ահմետ Մրատ` 2″ ուշ
3.- Զահեր Հաժ (Աթլեթիքօ Պէյրութ)` 3″ ուշ
Այլ մրցաշարքին ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, Քայսար Սալլում, Ռոպեր Փաթափութեան, Նազարէթ Հապիպեան, Զոհրապ Մարգարեան, Ապտօ Նատեր (ֆետերասիոնի անդամներ), հանգուցեալ Թանիոս Միրի ընտանեկան պարագաները, ֆետերասիոնին նախկին ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Ապտել Նուր, հրաւիրեալներ եւ այս մարզը սիրող համակիրներ:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, Ծատուրեան եւ Ապտել Նուր գովասանքով արտայայտուելէ ետք հանգուցեալին մասին, վեր առին անոր ունեցած ներդրումը լիբանանեան հեծելարշաւի աշխարհին մէջ:
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ նաեւ Կարմիր Խաչի կազմակերպութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ հովանաւորող ընկերութիւններուն` «Սքոթ»-ին եւ «Քոմըրշըլ Ինշուրանս»-ին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:


