Դիմադրութեան Եւ Ազատագրութեան Տօնին Առիթով. Այսօր Կը Սկսի Ամալ Շարժումի Տարեկան 2-րդ Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումի Պէյրութի կազմակերպութեամբ, այսօր կը սիսի լիբանանեան կուսակցութիւններու տարեկան 2-րդ մրցաշարքը, որ կ՛ընդգրկէ մինի ֆութպոլ, պասքեթպոլ եւ փինկ փոնկ:

Այս մրցաշարքը, որ նուիրուած է Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին, տեղի պիտի ունենայ «Էքսթրա Թայմ» դաշտերուն վրայ (Ժընահ)` մասնակցութեամբ հետեւեալ կուսակցութիւններուն. Ժողովուրդի շարժում, Լիբանանեան ժողովրդային համագումար, Ամալ, Հըզպալլա, Ղովմի, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Աշխատաւորներու լիկա, Ազգային ազատ հոսանք, Մարատա, Պաաս, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Ժամաա Իսլամիա, Իսլամական բարեսիրական ծրագիրներ, Իթթիհատ եւ Թաուհիտ հոսանք:

Մրցաշարքը պիտի աւարտի երեքշաբթի, 28 մայիսին` մրցանակաբաշխութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )