Ակնարկ. Միջին Արեւելքը Ոչ Խոստմնալից Հորիզոնի Մը Առջեւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ, փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը երեքշաբթի, 21 մայիսին սէուտական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Անգարա այցելեց: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Թրքական աղբիւրներ Կիւլի հրաւէրով տեղի ունեցած այցելութեան նպատակը բացայայտեցին, երբ Սալման իշխանի այցելութեան նախօրեակին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սալման-Կիւլ բանակցութեանց նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումն է եւ ջանք թափելը փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու, մասնաւորաբար Իրանի հիւլէական թղթածրարին ու անոր աշխարհաքաղաքական հետեւանքներուն եւ շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ Իրանի ապահովական միջամտութիւններուն շուրջ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պաքըր Պոզտաղ յայտնեց, որ Կիւլի եւ գահաժառանգ իշխանին բանակցութիւնները «հոյակապ էին»: Անգարայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Մարտատ սէուտական «Մատինա» օրաթերթին յայտնեց, որ երկու երկիրները իրենց միջեւ համագործակցութեան հորիզոնները ընդլայնելու կարեւորութեան կը գիտակցին: Աւելի՛ն, մինչ իշխան Սալման նշեց, որ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին արձանագրուած են «դրական արդիւնքներ», որոնք ամբողջ շրջանին բարիք պիտի բերեն, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ այցելութիւնը «յաջող եւ բոլոր արժեչափերով պատմական» որակեց: Բարացուցական էր նաեւ պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական կոմիտէի անդամ Նեպիլ Շաաթի այն յայտարարութիւնը, թէ «թուրք-սէուտական մերձեցումը շրջանին մէջ խաղաղութեան առիթները կ՛ամրապնդէ»:
Շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութիւնը չէզոքացնելու նպատակը հետապնդող թուրք-սէուտական մերձեցումը շուտով իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ շիի մահիկին մաս նկատուող երկիրներուն, մասնաւորաբար Իրաքի մէջ, ուր Անգարա սուր տարակարծութիւններ ունի շիիներու ղեկավարութեամբ կառավարութեան հետ, իսկ Ռիատ մինչեւ օրս կը մերժէ այդ կառավարութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել` զայն նկատելով Իրանի կամակատար մը: Ռիատի այդ կեցուածքը իրաքեան իշխանութիւնները այլընտրանքներէ զրկելով կը մղէ Թեհրանի գիրկը: Ըստ երեւոյթին, սէուտցի ղեկավարներու ուշադրութենէն վրիպած է այն իրողութիւնը, թէ Իրաքի շիի վարչապետը ի վերջոյ արաբ մըն է եւ ոչ թէ իրանցի, ուստի անոր նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական ծոցի երկիրներու դրական իւրաքանչիւր քայլ հեզասահ կերպով կը մեղմացնէ Պաղտատի մէջ իրանեան ազդեցութիւնը` առանց ճակատումի եւ լարուած մթնոլորտի ստեղծման: Դժբախտաբար, շրջանին մէջ կը տիրէ վատառողջ մթնոլորտ մը, ուր ամէն ինչ կը դիտուի սիւննի-շիի զերօ գումարով առճակատման պրիսմակէն:
Ժետտայի մէջ 12 մայիսին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի հանդիպումին յաջողութեան պարագային շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման յոյսերը նկատառելի աճ կրնային արձանագրել եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը հակակշռելով` մեղմացնել. դժբախտաբար այդ հանդիպումը անարդիւնաւէտ եղաւ: Սէուտական-իրանեան մերձեցումին փոխարէն այժմ արձանագրուած է շրջանին մէջ սիւննի-շիի առճակատման մթնոլորտը ամրապնդող թուրք-սէուտական մերձեցում մը, որ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, որ դէպի ոչ խոստմնալից հորիզոն մը առաջնորդող ուղիէն ետդարձի յոյսերը մեծ չեն:
Կը մնայ տեսնել, թէ Սուրիոյ հարցով ռուս-ամերիկեան մերձեցումը պիտի արդիւնաւորուի՞ եւ ամերիկեան արծիւն ու ռուսական արջը պիտի կարենա՞ն Միջին Արեւելքը փրկել ուրուագծուող աղէտէն:

