Ֆեռտինանտ Մէկ Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ
Մանչեսթըր Եունայթըտի կեդրոնի յետսապահ Ռիօ Ֆեռտինանտ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր ակումբին հետ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ան յաջորդաբար 12-րդ տարեշրջանն ըլլալով պիտի կրէ իր ակումբին շապիկը:
34 տարեկան Ֆեռտինանտի պայմանագրութիւնը սկզբունքով կ՛աւարտէր այս ամրան: Ան շաբաթ մը առաջ լքեց միջազգային ասպարէզը` Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ:
2002-ին Եունայթըտի հետ իր առաջին մրցումը կատարած Ֆեռտինանտ 432 մրցումի ընթացքին դաշտ ներկայացաւ Եունայթըտի հետ:
Նշենք, որ նոր տարեշրջանին Եունայթըտի նոր մարզիչը պիտի ըլլայ Տէյվիտ Մոյես, որ փոխարինեց Ալեքս Ֆերկըսընը:
CATEGORIES Մարզական

