Արցախի Նախագահը Ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Եւ Ծերակոյտի Խումբ Մը Անդամներ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի խումբ մը անդամներ:
Նախագահ Սահակեան Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը որակեց իբրեւ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը` յատուկ ընդգծելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ ամուր կապերու պահպանման ու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց Ֆրանսա-Արցախ բարեկամական շրջանակի ստեղծումը` աւելցնելով, որ մեծ սպասելիքներ ունի անոր աշխատանքներէն:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Արցախի ներքին ու արտաքին կեանքին, շրջանային քաղաքականութեան, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:
CATEGORIES Հայկական

