Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինին. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 95-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  քարոզչական մարմինին, երեքշաբթի, 28 մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիսութիւն` ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետերուն, պատկան մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ ժողովրդային բազմութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները դիտեցին հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ մայիս 28-ի պատգամին անդրադարձող տեսերիզ մը, որմէ ետք ՀՅԴ քարոզչական մարմինին անունով խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ մայիս 28-ով իրականացան հայութեան դարաւոր իղձերը, որովհետեւ հայութիւնը հաւաքական կամքով դէմ դրաւ թշնամիին եւ տուաւ արդար պատասխան վերջինիս գործած ոճիրներուն եւ հակահայ մօտեցումներուն:

Ապա Իրմա Տէտէեան ասմունքեց Խաչիկ Տէտէեանի «Յանուն մեր մայիսեան երազին» բանաստեղծութիւնը:

Վեր. Փոլ Հայտոսթեան

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջոյնի խօսք ուղղելով, շեշտեց, թէ մայիսեան յաղթանակը վերահաստատեց անմարդկային զրկանքներ դիմագրաւած հայութեան վերապրելու կամքը: Ան նշեց, որ մայիսեան հերոսամարտերը ցոյց տուին միասնականութեան անպարտելիութիւնը, արդար դատի համար պայքարի անբեկանելիութիւնը: Դեսպանը աւելցուց, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնականութեամբ կարելի է յաղթահարել ապագայի խնդիրները եւ դիմակալել մարտահրաւէրները (դեսպան Քոչարեանի ողջոյնի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Հանդիսութեան առաջին պատգամախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ըսաւ, թէ յաղթանակներու նշումները երեք նպատակներ կը հետապնդեն` դաստիարակութիւն, յիշողութեան զարթնում եւ զգացումներու խանդավառութիւն:

Ան նշեց, թէ համայն հայութեան զինուորագրուելու երեւոյթը նպաստեց, որ իրականանայ ժողովուրդին ազատ ապրելու կոչումն ու իրաւունքը: Վեր. Հայտոսթեան թելադրեց հետեւիլ սարդարապատեան զանգերու ղօղանջին: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ պիտի հնչեցնէ նոր զանգերը, որպէսզի անկախութիւնը ամրապնդելու առիթները ի զուր չվատնուին:

Իր խօսքի աւարտին վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ հանրապետութիւն կերտելու աստիճանին հասած ժողովուրդ մը, նուիրեալ ու ձեռնհաս սփիւռքով, մանաւանդ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի ունենայ նոր առիթներ` ամրապնդելու անկախութիւնը, բարձրացնելու պատիւը եւ պահելու ու աւելիով մշակելու ինքնութիւնը (վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ լիբանանահայ երգիչ Մանուկ Մինասեանի կողմէ երկու ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարողութեամբ:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Օրուան երկրորդ պատգամախօսն էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ եւ առաջ ներկայացուց Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ստեղծման պայմանները, մթնոլորտը, դժուարութիւնները եւ իրագործումները: Ան ըսաւ, որ այսօրուան մարտահրաւէրները կարելի չէ ազգովին դիմակալել, եթէ ներկայացուած առիթը ի սպաս չդրուի նոր ժամանակաշրջանի մը, որ համայն հայութեան կրնայ վերադարձնել սարդարապատեան ոգին:

Բագրատունի յայտնեց, որ իսկական ազատութիւնն ու անկախութիւնը կարելի կը դառնան հաւասարութեան, արդարութեան, հաւասարակշռուած բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութեան յարգումով: Բագրատունի աւելցուց, որ անկախ Հայաստանի անկախութեան, պետութեան, գերիշխանութեան եւ ազատութեան պահպանումն ու հզօրացումը հրամայական պահանջ է:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ անկախութիւնը ամէն բանէ առաջ հոգիի ու մտքի, սրտի ու թռիչքի անկախութիւն է, որ մեր հայու նկարագիրի անքակտելի մէկ մասնիկն է: Ան աւելցուց, որ անկախութեան գործին մէջ շատեր ինկան ու տակաւին շատեր կրնան իյնալ, սակայն 28 մայիս 1918 մեզի սորվեցուց, որ հաւաքական գործը մնայուն է ու արմատները խոր (երեսփոխան Բագրատունիի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

 

Իրմա Տէտէեան

Րաֆֆի Տեմիրճեան

 

Երկրորդ պատգամէն ետք, լիբանանահայ երգիչներ Հրաչ Կայծակեան եւ Վիգէն Տիշչեքենեան երգեցին հայրենասիրական երգեր: Երգիչներուն կ՛ընկերակցէր Խաչիկ Մալխասեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ ձեռնարկի մասնակից լիբանանահայ երեք երգիչներուն կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգի միացեալ երգեցողութեամբ:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES