Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Բրիտանիոյ Չարլզ Իշխանին Հետ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Բրիտանիոյ գահաժառանգ իշխան Չարլզի հետ, որ Հայաստան կը գտնուի «Երեւան, իմ սէրս» բարեգործական հիմնադրամին հրաւէրով: Նախագահ Սարգսեան ողջունեց գահաժառանգը Հայաստանի մէջ, ուր ան կարելիութիւն պիտի ունենայ ծանօթանալու երկրին, ժողովուրդին եւ պատմամշակութային ժառանգութեան:
Ընդգծելով, որ հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները երկար դարերու պատմութիւն ունին եւ հայ ժողովուրդը ջերմօրէն կը վերաբերի բրիտանացի ժողովուրդին եւ արքայական ընտանիքին նկատմամբ` Հայաստանի նախագահը խնդրեց իր ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցել Էլիզապեթ Բ. թագուհիին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ հաճելի զգացումներ եւ յիշողութիւններ կը պահէ 2010-ին Լոնտոնի մէջ թագուհիին եւ գահաժառանգին հետ իր ունեցած հանդիպումներէն: «Ձեր նկատմամբ մեր ժողովուրդին վերաբերմունքը առանձնայատուկ է եւ ատիկա պայմանաւորուած է նաեւ անով, որ դուք բարեգործական մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէք: Անոր վառ վկայութիւնը «Երեւան, իմ սէրս» ծրագիրին ձեր աշխուժ մասնակցութիւնը եւ ներդրումն է», գահաժառանգ Չարլզ իշխանին յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Երեւան, իմ սէրս» բարեգործական ծրագիրի հիմնադիր Արմէն Սարգսեանին` այդ ծրագիրը նախաձեռնելու եւ գահաժառանգ Չարլզի Հայաստան այցելութիւնը կազմակերպելու համար:
Գահաժառանգ Չարլզ իշխանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին ջերմ հիւրընկալութեան, իսկ Արմէն Սարգսեանին` հրաւէրին համար եւ կարեւոր նկատեց «Երեւան, իմ սէրս» բարեգործական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Դիլիջանի մէջ կառուցուող միջազգային դպրոցի ծրագիրը` նշելով, որ շուրջ 14 տարի նախագահած է «Աշխարհի միաւորուած դպրոցներ» ընկերակցութիւնը: Գահաժառանգ իշխանը շեշտեց, որ բարձր կը գնահատէ կրթութեան եւ երիտասարդութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն Հայաստանի մէջ յատկացուող ուշադրութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդլայնելու երիտասարդ ձեռներէցներուն աջակցութեան իր ծրագիրը նաեւ Հայաստանի մէջ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-բրիտանական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ու համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն:
Այցելութիւն` Ս. Էջմիածին
«Երեւան, իմ սէրս» բարեգործական հիմնադրամին հրաւէրով Հայաստան գտնուող Բրիտանիոյ գահաժառանգ Չարլզ իշխանը երէկ այցելեց Ս. Էջմիածին, ուր զայն ընդունեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Վեհափառ հայրապետի մամլոյ բանբեր Վահրամ քհնյ. Մելիքեան փոխանցեց, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոս Չարլզ իշխանին ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ պատմական առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն` մասնաւորաբար հայ եւ անկլիքան եկեղեցիներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան:
«Գահաժառանգը Հայաստան գտնուելու ընթացքին տուաւ տարբեր այցելութիւններ, որոնց շարքին նաեւ տարբեր սրբավայրեր` Խոր Վիրապ, Ս. Գեղարդավանք եւ Ս. Հռիփսիմէ վանքերը, ուր մշտապէս իրեն դիմաւորեցին եկեղեցականներ եւ ներկայացուցին թէ՛ հայ ժողովուրդի, թէ՛ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ այն ճամբան, որ մեր քրիստոնեայ ժողովուրդը անցած է դարերու ընթացքին», փոխանցեց Մելիքեան:
Տէր Վահրամ նշեց, որ Չարլզ իշխանը շատ տպաւորուած էր Խոր Վիրապով, Արարատ լեռով, ինչպէս նաեւ Գեղարդավանքով եւ բոլոր այն արժէքներով, որոնք կը պահպանուին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ:
Նշենք, որ Չարլզ իշխանը երէկ մեկնեցաւ Հայաստանէն:

