ՉԵՄՊԵՐՃԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ

Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով` Երեւան քաղաքին մէջ իրականացուցած իր ծրագիրներուն համար «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի պատուաւոր նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան պարգեւատրուած է Երեւանի քաղաքապետի յուշամետալով:

Բոլոր երեւանցիներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Չեմպերճեանին` Կարէն Կարապետեան ընդգծած է «Փիւնիկ» հիմնադրամի ներդրումը Երեւանի բակային տարածքներու բարեկարգման ծրագիրներուն մէջ:

«Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան նշած է, որ հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրները շարունակական պիտի ըլլան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES