«Ազդակ»-ի Երկուշաբթի Օրուան Թիւով. Հարցազրոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը հարցազրոյց մը ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, որ խօսած է հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն ծիրին մէջ իրաւական կողմին կարեւորութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն միջազգային օրէնքի տուեալներուն առնչելու անհրաժեշտութեան մասին:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձած է այս իմաստով տարուելիք աշխատանքներուն, որոնց մէջ տիրական պէտք է ըլլայ դերերու բաշխումը, որպէսզի կարելի ըլլայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալել, առանց խաչաձեւումներու կամ բեւեռացումներու: Վեհափառ հայրապետը այս ծիրին մէջ լուսարձակի տակ առած է Հայաստանի եւ սփիւռքի կողմէ ի գործ դրուելիք ջանքերը, իւրաքանչիւրին դերն ու տեղը:
ՀԱՍԿ-ի ուղղած վերջին հարցումին պատասխանելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը խօսած է այն մասին, որ այսօր հայութիւնը ի՛նչ կը պահանջէ Թուրքիայէն:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրատարակենք մեր երկուշաբթի, 3 յունիսի թիւով, որպէսզի մեր ընթերցողները տեղեակ ըլլան վեհափառ հօր մտածումներուն, խորհրդածութիւններուն եւ պատգամներուն մասին:

