ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ «ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ ՖՈՆՏ»ԻՆ. «ԵԿԷ՛Ք ՇԱՐԱԴՐԵՆՔ» ՄՐՑՈՒՄԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մրցանքին մասնակիցները

«Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի խմբագրական կազմին կազմակերպած 8-րդ «Եկէ՛ք շարադրենք» մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 22 մայիս 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, ուր համախմբուեցան Վահան Թէքէեանի, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեանի, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեանի, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեանի, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանցի, Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեանի, Ազգային Սուրէն Խանամիրեանի, Ազգային Աբգարեանի, Ազգային Քառասնից Մանկանցի, Ազգային Աքսոր Գասարճեանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի աշակերտները:

Յետմիջօրէի ժամը 2:00-էն սկսեալ արդէն աշակերտները սկսած էին ներկայանալ սրահ, ուր անոնց կը սպասէին խմբագրական կազմի անդամները:

Ժամը 3:00-ին աշակերտները գրաւեցին իրենց տեղերը, ուր իւրաքանչիւրին համար զետեղուած էր գրելու յատուկ խաւաքարտ մը: Առաջին անգամ ըլլալով մրցանքին մասնակցող 4-րդ դասարանի աշակերտներուն մօտ զգալի էր հետաքրքրութիւնն ու երկմտանքը: Անոնք վարանելով մօտեցան իրենց յատկացուած աթոռներուն, սակայն այդ զգացումը միայն քանի մը վայրկեանի համար էր, ու հանդարտելէ ետք անմիջապէս սկսան աշխատանքի:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ աշակերտները լրջութեամբ աշխատեցան եւ արտայայտեցին իրենք զիրենք: Մրցանքի աւարտին մասնակիցները հիւրասիրուեցան եւ յուշանուէրներ ստացան` տրամադրուած «Ազդակ»ի տնօրէնութեան կողմէ, իսկ 6-րդ դասարանի աշակերտները պիտի ստանան գիրք մը` տրամադրուած «Ազդակ»ի խմբագրական կազմի անդամ Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեանի կողմէ` Ֆիլիփ Մարստընի «Հանդիպման վայրը» հատորը:

Շնորհակալութիւն հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց, որոնք միշտ կը քաջալերեն «Պզտիկ-Մզտիկ»ի կազմակերպած ձեռնարկները: Շնորհակալութիւն նաեւ ծնողներուն, որոնց զոհողութիւններուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ միասնաբար հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծել` նոր սերունդներուն փոխանցելով հայեցի դաստիարակութիւն եւ հայերէնագիտութիւն: Յատուկ շնորհակալութիւն «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն ֆոնտ»ին, որուն շնորհիւ կ՛իրականանան «Պզտիկ-Մզտիկ»ի հրատարակչական աշխատանքներն ու յարակից մրցանքները:

Արդիւնքները կարելի է տեսնել «Պզտիկ-Մզտիկ»ի յաջորդ թիւին մէջ: Իսկ «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»ին աջակցութեամբ մրցանակաբաշխութեան թուականը օրին կը փոխանցուի «Ազդակ»ի էջերով:

Share this Article
CATEGORIES