Էն. Պի. Էյ.-Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Հիթ – Փէյսըրզ` 3-2
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արեւելեան շրջանի աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումին, Մայեմի Հիթ 90-79 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ:
Անոնց միջեւ վեցերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերը` Ինտիանայի մէջ:
Երէկուան այս մրցումին Հիթի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 30 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ, իսկ Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ)` 27 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային Էն. Պի. Էյ.ի տիտղոսակիրը` Հիթ, յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով պիտի հասնի աւարտական հանգրուան եւ պիտի ճակատի Արեւմտեան շրջանի ախոյեան հանդիսացած Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ:
CATEGORIES Մարզական


