Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Առօրեայէն Վռնտուած Աստուածը…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, Հոգեգալուստ էր մայիսին, Պենտեկոստէ, որ կը նշանակէ` 50-րդ օրը, քանի Յիսուսի յարութենէն քառասուն եւ համբարձումէն տաս օրեր ետք, Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձը` Աստուած Ս. Հոգին իջաւ Քրիստոսի առաքեալներուն եւ աշակերտներուն վրայ, որոնք «միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ … Յիսուսի մօր` Մարիամի հետ» (Գ. Առ. 1,14):
Քանի Պենտեկոստէն կամ Հոգեգալուստը պատմական անժխտելի դէպք է (Գ. Առ. 2,1-36) տիեզերական տարողութեամբ ու հետեւանքով, հարցնելու եւ իմանալու ենք, թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը, երբ Աստուած Ս. Հոգին իբրեւ հրեղէն լեզու իջաւ իւրաքանչիւր առաքեալին վրայ…
Համբարձող յարուցեալին հրահանգին համաձայն` քրիստոսական խմբակը Տիրամօր շուրջը` «բոլորը միասին մէկտեղ էին» Երուսաղէմի մէջ ու մտահոգութեամբ կը սպասէին խոստացուած Մխիթարիչին: Աստուած երկար ժամանակ չի սպասեցներ հաւատքի սիրով Իրեն յուսացողները:
Աշակերտները, որոնք արդէն վկաներ եղած էին Քրիստոսի յարութեան յաղթանակին ու համբարձումի փառքին, ստացան այսօր զօրութիւնն Աստուած Ս. Հոգիին: Անոնց իմացականութիւնն ողողուեցաւ նո՜ր լոյսով եւ սիրտը համակուեցաւ նո՜ր բաբախիւնով:
Առաքեալները հետեւած էին իրենց Վարդապետին եւ հաւատքով ընդունած էին անոր ուսուցումը, սակայն դեռ միշտ կարող չէին զայն ըմբռնելու ամբողջապէս եւ խորապէս: Պէտք ունէին ի վերուստ գալիք լոյսին ու տրամաբանութեան:
Տակաւին գալու էր Ճշմարտութեան եւ Իմաստութեան Հոգին, որ աշակերտները պիտի առաջնորդէր ամբողջ ճշմարտութեան եւ իմաստութեան (Յվհ. 16,12):
Մարդերուն նկատմամբ` գալիք Աստուած Ս. Հոգիին արարքներէն հետեւեալներն են: Պիտի մխիթարէ: Պիտի սրբացնէ: Պիտի լուսաւորէ: Բայց նաեւ «պիտի յանդիմանէ աշխարհը` մեղքին, արդարութեան ու դատաստանին համար» (Յվհ. 16,8):
Քրիստոսահիմն եկեղեցիին նկատմամբ` գալիք Աստուած Ս. Հոգին արարքներէն հետեւեալներն են: «Մխիթարիչը … ձեզի հետ կը բնակի յաւիտեան: Ճշմարտութեան Հոգին … ձեզի հետ կը բնակի եւ ձեր մէջն է: Մխիթարիչը` Ս. Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն եւ պիտի յիշեցնէ ձեզի, ինչ որ ըսած էի ձեզի» (Յվհ. 14,16,17,26): «Պիտի առաջնորդէ ձեզ դէպի ամբողջական ճշմարտութիւնը: Ձեզի պիտի հաղորդէ ապագայի դէպքերը» (Յվհ. 16,13):
Իսկ Աստուածամարդուն նկատմամբ` գալիք Աստուած Ս. Հոգիին արարքներէն հետեւեալներն են: Պիտի վկայէ (Յվհ. 15,26): Պիտի փառաւորէ: Յիսուսէն լսածը պիտի յայտնէ եւ առածը պիտի փոխանցէ (Յվհ. 16,13,15):
Եւ Աստուած Ս. Հոգին եկաւ «յերկնուստ», ինչպէս Ս. Ղուկաս շատ կտրուկ եւ դիպուկ բառերով կը պատմագրէ. «Յանկարծ երկինքէն հնչիւն մը լսուեցաւ նման սաստիկ հողմի, եւ տունը, ուր նստած էին, լեցուեցաւ: Եւ երեւցան անոնց բաժնուած լեզուներ, նման կրակի լեզուներու եւ իջան իւրաքանչիւր առաքեալին վրայ: Բոլորը լեցուեցան Ս. Հոգիով, եւ սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներով, ինչպէս Հոգին կու տար անոնց կարողութիւն խօսելու» (Գ. Առ. 2,2-4):
Այսպէս, Հոգեգալուստի հետեւանքներն աներեւակայելի եւ աննախընթաց դէպքեր եղան նոյն պահուն եւ յաջորդած ժամերուն: Տգէտ եւ անուս առաքեալները սկսան խօսիլ տարբեր լեզուներ: Հրէաստանէն, Երուսաղէմէն եւ աշխարհի բոլոր ծագերէն հրաշավայրը վազած մարդեր կը հասկնային անոնց խօսածները` իւրաքանչիւրն ի՛ր մայրենի լեզուով:
Բազմութիւնները «կը սքանչանային, կը զարմանային ու շուարած էին» (Գ. Առ. 2,7,12): «Պետրոս» ու «Տասնմէկը» հզօրացան, «ոտքի կանգնեցան» եւ «համարձակութեամբ» սկսան քարոզել «Քրիստոսի յարութեան մասին, թէ անոր հոգին չմնաց դժոխքի իշխանութեան տակ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ: Աստուած յարութիւն տուաւ այս Յիսուսին, եւ մենք բոլորս կը վկայենք:
Եւ հիմա Աստուծոյ աջով փառաւորուած` Հօրմէն ստացաւ խոստումը Սուրբ Հոգիին եւ սփռեց մեր վրայ, ինչպէս որ կը տեսնէք ու կը լսէք» (Գ. Առ. 2,31-33):
Հոգեգալստեան հրաշազան դէպքերուն եւ վկայութիւններուն դիմաց` «մօտաւորապէս երեք հազար հոգիներ յօժարութեամբ ընդունեցան Պետրոսի խօսքը եւ մկրտուեցան»: Բայց անկէ առաջ վկայութեան «այս խօսքերը լսելով` իրենց սրտին մէջ զղջացին», ապա «կը յարատեւէին առաքեալներու ուսուցման մէջ»:
Իմացանք երէկը: Իմանանք այսօրը: Հոգեգալստեան հրաշազան դէպքերուն եւ ճշմարիտ վկայութիւններուն դիմաց` ի՞նչ եւ ո՞ւր ենք մենք…
Ասկէ ինն տարիներ առաջ հրատարակեցի գրքոյկ մը այս վերտառութեամբ` «Աստուած Սուրբ Հոգիին, Զոր վտարած ենք մեր առօրեայէն…»: Ամսուան 31 օրերուն համար 31 աղօթքներ են` գրուած «բոլորին, բայց յատկապէս անոնց, որոնք, ամէնօրեայ հեւքին մէջ եւ առօրեային ծանրութեան տակ, անդրադարձումը չունին` աղօթելու: Բայց նաեւ ժամանակը չունին` ժամանակ գտնելու Աստուծոյ համար, որ իրենց ՛՛երկնաւոր Հայրն է՛՛ (Մտթ. 5,16) եւ կը սպասէ գթառատ համբերութեամբ իրենց դարձին ու վերադարձին` զիրենք դիմաւորելու, գրկելու եւ համբուրելու (Ղկ. 18,20)»:
Կը կարծեմ, թէ ենթավերնագիրը գրաւեց հոգեմտաւոր ուշադրութիւնդ.«Զոր վտարած ենք մեր առօրեայէն…»: Այո՛, մենք ամէն օր կը վռնտենք Աստուած Ս. Հոգին, երբ չենք աղօթեր եւ չենք անսար Անոր:
Դժբախտաբար Աստուած Ս. Հոգին մեծագոյն ԱՆԾԱՆՕԹՆ է ներկայ ժամանակին մարդերուս: Եւ սակայն ամէնէն աւելի պէտք ունինք ա՛յս Առաջնորդին, ա՛յս Լուսաւորողին, ա՛յս Մխիթարիչին, ա՛յս Սրբարարին ու ա՛յս Յաւերժացնողին…
Այնճար, 19 մայիս 2013

