«Ժընեւ-2»-ը Կրնայ Տեղի Ունենալ Յունիսին» Կ՛ըսէ Ֆապիւս

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Էօրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ըստ իս, «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը վերջին առիթն է եւ կը մաղթեմ, որ տեղի ունենայ»:

Ֆապիւս ըսաւ, որ ժամանակը «շատ կարճ է», որպէսզի խորհրդաժողովը այս ամիս տեղի ունենայ, ուստի ժողովը կրնայ գումարուիլ յուլիսին:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ սուրիական «ընդդիմութիւնը պէտք է իր ներկայացուցիչները ընտրէ, ինչ որ որոշ ժամանակ կը տեւէ, եւ պէտք է օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնենք(…) եւ աշխատանք կը տանինք անոր գումարման համար(…) եւ պէտք է անոր պատրաստուինք»:

Ֆապիւս վերահաստատեց «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութեան նկատմամբ Ֆրանսայի վերապահութիւնը` յայտնելով, որ «իրանցիները լուծումի գոյացման չեն զօրակցիր, անոնք խաղաղութեան դէմ են»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Քուսէյրի մէջ տիրող կացութիւնը:

Մոալլեմ յայտնեց, որ Դամասկոս նախանձախնդիր է «իր քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ կայունութեան» նկատմամբ` նշելով, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ բանակը կը կատարէ, այդ քաղաքացիները ձերբազատելն է ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու սարսափէն եւ Քուսէյր քաղաքին ու անոր մերձակայքին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան վերականգնումը»:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը զարմանք յայտնեց Քուսէյրի կացութեան շուրջ բարձրացող ձայներուն առնչութեամբ` նշելով, որ «այդ մտահոգութիւնը չէինք լսեր, երբ ահաբեկիչները քաղաքն ու անոր մերձակայքը գրաւեցին եւ 18 ամիս շարունակ քաղաքացիներուն դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրները գործեցին»:

Մոալլեմ նշեց, որ «սուրիական առնչակից մարմինները կարմիր խաչին, համագործակցաբար կարմիր մահիկին հետ, պիտի արտօնեն շրջան մուտք գործել անմիջապէս որ այդտեղ ընթացող զինուորական գործողութիւնները վերջ գտնեն»:

Ֆրանչիսկոս պապը Սուրիոյ մէջ պատանդներ պահողներուն անմիջական կոչ ուղղեց` «մարդկային» վերաբերմունք ցոյց տալով ազատ արձակելու պատանդները: Ան միեւնոյն ժամանակ ցաւ յայտնեց երկու տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապին համար:

 

Share this Article
CATEGORIES