Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԼԷՅԻ Օպէյ շրջանին մէջ գտնուող Մար Մարուն եկեղեցին շաբաթավերջին անծանօթներու կողմէ ենթարկուեցաւ յարձակումի եւ գողութեան:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանրի Հըլու խստիւ դատապարտեց Օպէյի Մար Մարուն եկեղեցւոյ դէմ գործուած յարձակումը եւ յոյս յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը ձերբակալեն յանցագործները եւ զանոնք ծանր պատիժներու ենթարկեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը իր կարգին խստիւ դատապարտեց Մար Մարուն եկեղեցւոյ դէմ կատարուած յարձակումը` ընդգծելով, որ գործուած արարքը Ալէյի բնակչութեան սովորութիւններուն մաս չի կազմեր: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մաղթեց, որ յանցագործները ստանան իրենց գործած արարքին համապատասխանող պատիժ մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի մէջ ուրիշը անհաւատ նկատող խմբաւորումները յաղթեն, ապա Լիբանան պիտի չմնայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք Սուրիոյ վարչակարգը չեն պաշտպաներ, այլ` անոր ներկայացուցած Դիմադրութեան ծրագիրը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Քուսէյրի մէջ նահատակուող Հըզպալլայի իւրաքանչիւր մարտիկ սիոնական ծրագիրներէ կը պաշտպանէ Լիբանանն ու արաբական աշխարհը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական շրջանակը ձախողած է երկիրը պահպանելու իր առաքելութեան մէջ եւ երկիրը մատնած է քաղաքական տագնապի: Արիտի շեշտեց, որ մօտիկ ապագային լիբանանեան կառավարութեան մը կազմութիւնը աննախատեսելի է` աւելցնելով, որ իրենք մտավախութիւն ունին, որ Լիբանանի մէջ ներքին առումով կ՛արձանագրուի այնպիսի քաոս մը, որ պատերազմէն շատ աւելի վտանգաւոր է:

«ՀԱՅԱԹ»  օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երեք շաբաթ առաջ հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յարաբերութիւնները վերստին հաստատուեցան` վերջին հանգրուանին ստեղծուած պաղ յարաբերութենէն ետք:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խոստացած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երեք տարիով երկարաձգել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումին, որպէսզի կանխարգիլեն Լիբանանի մէջ անիշխանութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու է ընտրական օրէնքին առումով համախոհութեան մը յանգելու:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի յատուկ աղբիւրներ յայտնած են, որ ան կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն եւ պիտի կազմէ կառավարութիւն մը` առանց մտածելու հրաժարելու մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES