Թատրոն. «Ճաղատ Սոփրանոն»

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Թատերական գործունէութիւնը  խանդավառութեամբ կը շարունակուի լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ. մեր մշակութային միութիւնները վառ կը պահեն թատրոնի սէրը` նոր սերունդին փոխանցելու համար անցեալի մեր մշակութային պատմութեան, նոյնպէս նոր օրերու նուաճումներուն հետ հաղորդակցելու համար:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը հետամուտ է այս կապակցութեամբ գաղութահայ մեր առօրեան ծաղկեցնելու մշակոյթին ընձեռած բարիքներէն օգտուելու, կարելիութեան սահմանին մէջ:

Պիտի արտայայտուինք Էօժեն Իոնեսքոյի անհեթեթին առկայութիւնը փոխանցող «Ճաղատ սոփրանոն» թատերախաղին ներկայացման մասին, որ տեղի ունեցաւ 24, 25, 26 եւ 27 մայիս 2013-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Դասական կամ երգիծական դպրոցներէ տարբեր թատրոն մը, զոր անուանեցին անհեթեթի թատրոն, այսինքն` «կար ու չկար»-ի պէս բան մը, հասկնալի եւ անըմբռնելի նոյն ատեն: Թատերական այս ոճը կամ «դպրոցը» ընդհանրապէս անհասկնալի կը թուի, որովհետեւ հեռու է հայկական հոգեբանութիւնը արտայայտելու ձեւերէն: Պարզապէս անցողակի անցուդարձեր կը ներկայացնէ, կացութիւն մը կը պարզէ, զիրար չհասկցող խօսակիցներու միջեւ զրոյցներ: Յետո՞յ… Յետոյ այն է, որ անհեթեթի թատրերգութիւններու հեղինակները, այս պարագային` Էօժեն Իոնեսքոն, իրենց մատը կը դնեն այն իրողութեան վրայ, թէ մենք ալ ամէնօրեայ մեր կեանքին մէջ երբ իրարու կը հանդիպինք, կը խօսինք իրարու հետ, յաճախ զիրար չենք հասկնար, կամ այդպէս կը ձեւացնենք: Անկապ նախադասութիւններ, զրուցակիցին խօսքերը խաչաձեւող-խանգարող կացութիւններ, միշտ կ՛ունենանք մեր հանդիպումներուն: Մենք գտած ենք մեղմ ու կիրթ ձեւ մը. «Խօսքդ մեղրով կտրեմ»-ը ունինք (ի՜նչ բարեկրթութիւն)…

Հերոսներ չկան, բայց կան խօսքի վարպետներ, որոնք կ՛արտայայտեն նոյն ատեն իմաստութիւն, խելացի կեցուածք, յիմարի յանդգնութիւն, որոնց ի լուր կը ծիծաղիս պարբերաբար: Զուարճալի ներկայացում մը, որ եթէ յայտնապէս ոչինչ կ՛ըսէ, բայց ունի խորքային իմացում` մեկնաբանել գիտցողին համար:

Պիտի ըսենք, որ սքանչելի խաղարկութիւն մը վայելեցինք: Տէր եւ տիկին Սմիթները` Զաւէն Պաաքլինի եւ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեան կեդրոնական դէմքերը եղան, միշտ բեմին վրայ, շատախօսութեամբ եւ մասամբ նորին: Տէր եւ տիկին Մարթիններ` Վարդան Ազնաւորեան եւ Վանան Մանճիկեան, հրշէջներու հրամանատար Յովսէփ Գափլանեան (յիշենք, որ Զաւէն Պաաքլինի եւ Յովսէփ Գափլանեան եղած են վեթերան անդամները «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին): Կան սպասաւորներ` Նժդեհ Մկրտիչեան, Հրակ Տեմիրճեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան:

Թատերախաղը ունէր բեմին վրայ կողմնակի կանգնած դերասան մը` Հրայր Գալէմքէրեան, տիտասգաղիայի դերով (այս բառը կը նշանակէ դերասաններու ելքն ու մուտքը եւ անոնց ընելիքը բացատրող խօսնակ):

Բեմադրութեան եւ թեքնիք կազմերու համար աշխատած են հետեւեալ անձերը. բեմադրութիւն` Յակոբ Տէր Ղուկասեան, թարգմանութիւն` Հրայր Գալէմքէրեան եւ Հերմինէ Նիւրբեթլեան, երաժշտական ձեւաւորում` Հրայր Գալէմքէրեան, բեմայարդարում` Շողիկ Յակոբեան, բեմայարդարման իրագործում` Ժոզեֆ Սթամպուլեան, տարազներու նախագծում` Այլին Խաչատուրեան, տարազներու օգնական` Հուրի Փափազեան, տարազներու իրագործում` Մարի Պուշմունի, պատի ձեւաւորում` Շետի Զէյն, որմնազդի իրագործում` Վիգէն Տէրտէրեան, լոյսի սարքաւորում` Գէորգ Նոխուտեան, վարչական պատասխանատու` Լեւոն Ակոբեան:

Թատերական այս ներկայացումը յաջողութեամբ պսակելու համար ջանք չեն խնայած եւ իրենց մասնակցութեամբ երիտասարդական խանդավառութեամբ մեր մշակութային կեանքին յառաջընթացին նպաստած են այս երիտասարդները, քուլիսներու ետին: Համախումբ եւ նուիրեալ աշխատանքներն են, որ կ՛արժանանան ծափահարութեան:

Յակոբ Տէր Ղուկասեան, երիտասարդ այս բեմադրիչ արուեստագէտը անձնական համոզումներով, դարուն պահանջած գիտելիքներու հետեւողութեամբ յաջողած է իրագործել միջազգային բեմերու վրայ կէս դարէ ի վեր փայլած «Ճաղատ սոփրանոն»` մեր թատերասէրներուն ծանօթացնելով անհեթեթ կոչուած թատերական արուեստը: Հիմա որ մեր թատերասէրները ծանօթացան «անհեթեթ» այս ներկայացման, կրնան դատել եւ բաղդատել ըստ իրենց իմացական կարողութեան եւ ըստ ճաշակի, նոյն ատեն ի մտի ունենալով «ճաշակները վիճելի չեն» խօսքը:

Այս թատերախաղին գլխաւոր արժէքը եւ  գեղեցկութիւնը դերասաններու բնական ու հարազատ խաղարկութեան մէջն է: Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեանի վերայայտնումը ուրախալի եղաւ: Բազմաշնորհ արուեստագիտուհին է ան, արժանի` ջերմ ծափերու:

Ուրախութեամբ դիմաւորեցինք «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վեթերանները` Զաւէն Պաաքլինին եւ Յովսէփ Գափլանեանը: Վարդան Ազնաւուրեան թարմացուց Վարուժան Խտըշեանի հետ ունեցած իր գովելի փորձառութիւնը:

Մեր նորագոյն արուեստագէտներէն Հրակ Փափազեան, Նժդեհ Մկրտիչեան, Հրակ Տեմիրճեան եւ Հրայր Գալէմքէրեան, որոնք ճամբայ ելած էին Համազգայինի պատանիներու թատերական դպրոցին հետ, այսօր կը նկատուին փայլուն ներկայութիւններ` մեր թատերական ներկայացումները զարդարելու:

Հերմինէ Նիւրբեթլեան եւ Վանան Մանճիկեան իրաւամբ նոր յոյսեր ներշնչեցին` իբրեւ իգական սեռը ներկայացնող դերասանուհիներ: Կարելի է զիրենք յաճախ տեսնել մեր թատերական կեանքին մէջ` իրենց երիտասարդական խանդավառութիւնը փոխանցելու եւ թատերասէր հասարակութիւնը յուսադրելու:

Ի վերջոյ, մեր կարգին շնորհակալութիւն յայտնենք այն բոլոր ազգային կառոյցներուն, անհատ բարեգործ ազգայիններուն, որոնք նեցուկ կանգնած են ու միշտ կը կանգնին, որպէսզի յաւերժանայ արուեստի, մշակոյթի մեր ճանապարհը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES