ՁՄԵՌՆԱՔՈՒՆԻ ՄԷՋ ԵՂՈՂ ԱՐՋԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԿԵՐՊՈՎ ՏԱՔ ԿԸ ՄՆԱՅ…

Փետրուարի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող սեւ արջերուն մօտ, որոնց մարմնին փոխարկական աշխատանքները ուշագրաւ կերպով կը նուազին, աննշան կերպով կը նուազին մարմնին ջերմաստիճաններուն տարողութիւնը:
Ծանօթ է արդէն, որ ձմեռնաքունի մտնող անասունները ընդհանրապէս այդ վիճակին մէջ կը մնան 5-7 ամիս, որուն ընթացքին անոնք չեն ուտեր ու խմեր, ինչպէս նաեւ չեն միզեր ու ծրտեր: Ապա գարնան անոնք դուրս կու գան իրենց որջէն ու կը շարունակեն իրենց աշխուժ կեանքը` առանց որեւէ փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալու ֆիզիքապէս:
Մասնագէտներու մօտ երկար ատեն տիրական դարձած է ա՛յն բացատրութիւնը, թէ ձմեռնաքունի անցնող անասուններուն մարմինը, դիմանալու համար այնքան երկարատեւ ծոմապահութեան, կը նուազեցնէ իր մէջ տեղի ունեցող փոխարկական աշխատանքներուն տարողութիւնը:
Մարմնին փոխարկական աշխատանքները ա՛յն քիմիական գործընթացներն են, որոնց միջոցով տարբեր սննդեղէններ կը վերածուին ուժանիւթի:
Վերոնշեալ իրողութեան առընթեր, մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող անասուններուն մարմնին ջերմաստիճանները եւս ինքնաբերաբար կը նուազին` փոխարկական աշխատանքներուն դանդաղեցումով:
Նշեալ ծիրին մէջ կատարուած տարբեր տեսակի ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող անասուններուն մարմնին ջերմաստիճանին իւրաքանչիւր տասը աստիճան սելսիուս նուազումը համազօր եղած է մարմնին փոխարկական աշխատանքներու տարողութեան յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցման:

ՎԱՅՐԿԵԱՆԸ ՄԻԱՅՆ ԻՆՆ ԱՆԳԱՄ ՏՐՈՓՈՂ ՍԻՐՏԸ…

Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, նման տարողութեամբ ջերմաստիճաններու նուազում չէ յայտնուած Ալասքայի մէջ ձմեռնաքունի անցնող սեւ արջերուն պարագային: Նշեալ արջերուն մարմնին ջերմաստիճանը ընդհանրապէս երեսուներեք աստիճան սելսիուս է իրենց աշխուժ վիճակին մէջ: Սակայն մասնագէտները գտած են, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղած ատեն անոնց մարմնին ջերմաստիճանը նուազած է միայն 5-6 աստիճան սելսիուս:
Ինչ կը վերաբերի անոնց սրտի զարկերուն, ապա աշխուժ վիճակի մէջ եղած ատեն անոնց սիրտը տրոփած է վայրկեանը յիսունհինգ անգամ, իսկ ձմեռնաքունի ամբողջ տեւողութեան այդ տրոփումները նուազած են իննի: Ձմեռնաքունի մէջ եղած ատեն պատահած է, որ մէկ սրտի զարկէն միւսին միջեւ եղած ժամանակամիջոցը հասած է քսան երկվայրկեանի:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ նկատի ունենալով, որ ձմեռնաքունի ընթացքին արջերուն մարմնին փոխարկական աշխատանքները ուշագրաւ կերպով կը դանդաղին, այսուհանդերձ, սրտի տրոփումները եւս կը սկսին ինքնաբերաբար նուազիլ, քանի որ իւրաքանչիւր տրոփումի հետ արեան միջոցով մարմնին տարբեր բաժիններուն հասնող ու բջիջներուն մէջ կայացող փոխարկական աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ եղող մեծ տարողութեամբ, թթուածինի կարիքը չզգացուիր այդ դանդաղած աշխատանքներուն կայացման համար:
Հետեւաբար ձմեռնաքունի մտած արջերուն սիրտը վայրկեանը ինն անգամ տրոփելով` բաւարար տարողութեամբ թթուածին կ՛ապահովէ ուշագրաւ կերպով դանդաղած փոխարկական աշխատանքներուն համար:

ՁՄԵՌՆԱՔՈՒՆԻ ՄՏԱԾ ՅՂԻ ԱՐՋԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԻՆ
ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ՉԵՆ ՏԱՐՈՒԲԵՐԻՐ

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի անասնաբնախօս Օյվինտ Թոյէն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը Ալասքայի քարայրներուն մէջ գտած են ձմեռնաքունի մտած արջեր: Անոնք նշեալ արջերուն մարմնին վրայ տեղադրած են տարբեր սարքեր, որոնց միջոցով ձմեռնաքունի ամբողջ տեւողութեան հետեւած են անոնց մարմնին պարզած ջերմաստիճաններուն, սրտի զարկերուն ու այլ ազդակներու` նախքան զանոնք արուեստական որջերու մէջ փոխադրելը:
Թէեւ տակաւին այնքան ալ յստակ չէ, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս արջերուն մարմնին մէջ տեղի ունեցող փոխարկական աշխատանքները յանկարծակիօրէն կը դանդաղին ձմեռնաքունի մտած ատեն, միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Թոյէն ներկայացուցած է քանի մը տեսութիւններ, որոնք առնչուած են նշեալ երեւոյթին հետ:
Այսպէս, օրինակ, արջերը կրնան արջամուկերուն նման ըլլալ, որոնք նոյնպէս ձմեռնաքունի մտնող ստնաւորներ են, եւ որոնց մարմնին փոխարկական աշխատանքները կը կանոնաւորուին` իրենց մարսողական համակարգին կծկումով եւ գարնան, ձմեռնաքունի աւարտին, անոր վերստին ընդլայնումով:
Ամերիկացի կենսագէտ Պրայան Ռուրք, որ տարիներ շարունակ ուսումնասիրած է ձմեռնաքունի մէջ եղող արջերուն սրտին պարզած վիճակին հետ առնչուած մանրամասնութիւնները, ըսած է, թէ ձմեռնաքունի անցած իւրաքանչիւր արջ կրնայ կանոնաւորել իր մարմնին ջերմաստիճանները` զանոնք պատշաճեցնելով իր մարմնին պէտքերուն: Այսպէս, օրինակ, երբ յղի արջերը ձմեռնաքունի կ՛անցնին, անոնց մարմնին ջերմաստիճանները այնքան չեն տարուբերիր, որքան որ անոնք կը տարուբերին մնացեալ արջերուն պարագային, շատ հաւանաբար` տակաւին չծնած ձագը կարելի եղած չափով պաշտպանելու համար:
Մասնագէտները շեշտած են, թէ ձմեռնաքունի անցնող արջերուն հետ առնչուած նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կրնայ նպաստել, որպէսզի կարգ մը հիւանդութիւններէ տառապող մարդոց տրուող դարմանումներու ծիրին մէջ գործնական որոշ բարեփոխումներ կատարուին:
Այլ խօսքով, նման ուսումնասիրութենէ մը կարելի է ձեռք ձգել այնպիսի՛ միջոցներ, որոնք կրնան նպաստել մարդոց մօտ յառաջացած մկաններու եւ կամ սրտի տարբեր հիւանդութիւններու հետ առնչուած դարմանումներուն: Այսպէս, օրինակ, ձմեռնաքունի անցած արջերուն նուազագոյն տարողութեամբ թթուածինով ողջ մնալու երեւոյթը լաւապէս հասկնալը կրնայ նպաստել ուղեղի կաթուածի պատճառով ժամանակաւոր կերպով ուղեղին բաւարար տարողութեամբ թթուածին չհասած հիւանդներուն վիճակը բարելաւող միջոցներու ստեղծման:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»)

Share this Article
CATEGORIES
TAGS