ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՈՃՈՎ. ԱՐԴԵՕՔ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿԱ՞Ն ԷՐ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ իր ազգային ապահովութեան խումբի անդամներ, ներառեալ փոխնախագահ Ճօ Պայտըն (ձախին) եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն (աջէն երկրորդը) ուղղակի սփռումով դիտեցին գործողութիւնը Սպիտակ տան գործողութիւններու սենեակէն:
Արդեօք ա՞յդ է արդարութեան երեւոյթը: Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատեն սպաննուեցաւ կիրակի (1 մայիս), գաղտնի զինուորական գործողութեամբ մը, Փաքիստանի մէջ: Ամերիկացիները տօնակատարութեան մէջ են, բայց կան լուրջ կասկածներ, ինչ կը վերաբերի այդ ծրագրուած սպանութեան միջազգային օրէնքին եւ պատերազմի օրէնքներուն հիման վրայ օրինական ըլլալուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շատ քիչ թանկարժէք առիթներ կ՛ունենայ հռչակելու յաղթանակ մը: Ուստի զարմանալի չէ, որ ան մեծ բառեր գործածեց կիրակի գիշեր, երբ հեռատեսիլի անձնակազմին վառած լուսարձակներուն տակ ան երկիրը տեղեկացուց Ուսամա Պըն Լատենին տրուած մահացու հարուածին մասին: «Արդարութիւն իրագործուեցաւ», նշեց ան:
Կրնայ ըլլալ, որ այդ նախադասութիւնը վերադառնայ զինք հալածելու յառաջիկայ տարիներուն: Ի՞նչն է արդարը Փաքիստանի մէջտեղը գտնուող իր տան մէջ վախազդու ահաբեկիչ մը սպաննելուն մէջ: 9 սեպտեմբերի յարձակումներուն զոհ գացածներուն ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ` այն հայրենասէր ամերիկացիներուն, որոնց աչքերուն առջեւ իրենց «մեծ երկիրը մարտահրաւէր կը դիմագրաւէր ոճրագործներու խումբի մը կողմէ», պատասխանը կրնայ պարզ ըլլալ: Բայց միջազգային օրէնքի մասնագէտներ, որոնք տարիներէ ի վեր կը գօտեմարտին ամերիկեան առաջնորդութեամբ մղուող ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրինական կարգավիճակի հարցին հետ, Օպամայի կիրակի գիշերուան հիւթեղ խօսքերը աւելի խնդրայարոյց կը գտնեն:
Քէօլնի համալսարանի միջազգային օրէնքի դասախօս Քլաուս Քրես կը պնդէ, թէ ոճիրներու համար հատուցող արդարութիւն, որքան ալ դժուար ըլլայ ատիկա, «ձեռք չի ձգուիր կտրուկ մահապատիժներով, այլ` պատիժով մը, որ կը սահմանուի դատավարութեան մը աւարտին»: Քրես կ՛ըսէ, թէ սպանութիւն յանձնարարած ըլլալուն համար միջազգայնօրէն փնտռուած մարդու մը պարագային լուծումը կ՛ըլլայ զայն ձերբակալելը, դատավարութեան ենթարկելը եւ վերջ ի վերջոյ զայն դատապարտելը: Միջազգային օրէնքի պարունակին մէջ զինուորական ուժ կարելի է գործածել կասկածելիի մը ձերբակալման համար, եւ ատոր մէջ կ՛ընդգրկուին հրացանաձգութիւն կամ ինքնապաշտպանութեան կացութիւններ, որոնք վերջաւորութեան չեն ձգեր որեւէ այլ հնարաւորութիւն, քան` սպաննել մեծապէս վտանգաւոր եւ մեծապէս կասկածելի անձ մը: Այդ զարգացումները կրնան նաեւ առաջնորդել ողբերգական եւ անխուսափելի այլ զարգացումներու` արդարութեան գործընթացին մէջ:

Օպամա կը խօսի ազգային ապահովութեան խումբի անդամներու հետ, 1 մայիսին, Ուսամա Պըն Լատենի դէմ կատարուելիք գործողութիւնը քննարկելու համար կայացած շարք մը հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին: Ներխուժման ուղղակի սփռումը կատարուեցաւ քսանհինգ անդամներէ բաղկացած յատուկ ուժերու սաղաւարտներուն վրայ զետեղուած նկարչական մեքենաներէն: Կիրակի գիշեր խումբը ներխուժեց Փաքիստանի Ապոթապատ կոչուած քաղաքին մէջ գտնուող բնակարան մը:

Օպամա գործողութեան կատարման համար վերջին կանաչ լոյսը տուաւ ուրբաթ, ամիսներու պատրաստութենէ ետք, որ սկսաւ 2010 օգոստոսին, երբ Ուսամա Պըն Լատենի վստահելի սուրհանդակ մը հետապնդուեցաւ մինչեւ Ապոթապատի այդ բնակարանը:

Արիւն` գորգին վրայ: Հինգ անձեր մեռան այդ կառոյցին մէջ. Պըն Լատեն, երեք տղամարդիկ, ներառեալ` անոր զաւակներէն մէկը, եւ կին մը: Հրացանաձգութեան ընթացքին տղամարդոցմէ մէկը փորձած էր պահուըտիլ կնոջ ետին, կ՛ըսեն ամերիկացիք:

Հոս կը տեսնէք այն բարձր պատերով կառոյցը, ուր կ՛ըսուի, թէ Պըն Լատեն բնակած է հինգ տարի, Փաքիստանի ամէնէն պաշտպանուած քաղաքներէն մէկուն մէջ: Ապոթապատ պահակազօրի շրջան մըն է, ուր կը գտնուի նաեւ մեծ զինուորական ակադեմիա մը:
Դժբախտութիւն է: Եւ վստահաբար չկար որեւէ պատճառ այն աննկարագրելի ցնծութեան, որ ծայր առաւ կիրակի գիշեր ամբողջ Ամերիկայի տարածքին, եւ յատկապէս` «Սի. Այ. Էյ.»ի գործողութիւններու կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած ծափահարութեան:
ՈՉ ԱՄԷՆ ԲԱՆ, ՈՐ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԿԸ ԿՈՉԵՆ, ԻՐԱՊԷՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄ Է
Բայց Օպամա եւ իր նախորդը` Պուշ, բնաւ հետամուտ չեղան այն ձեւի արդարութեան, որ Պըն Լատենը պիտի բերէր միջազգային ատեանի մը առջեւ դատուելու: Իր ընտրութեան քարոզարշաւէն սկսեալ, 2008-ին, Օպամա երդուեցաւ «սպաննել Պըն Լատենը» եւ վերջ դնել այն գործին, որ սկսած էր իր նախորդներուն կողմէ 9 սեպտեմբերէն ետք: «Մենք պատերազմի գացինք Քայիտայի դէմ` մեր քաղաքացիները, մեր բարեկամները եւ մեր դաշնակիցները պաշտպանելու համար», բացատրեց նախագահը կիրակի գիշեր: «Ռոյթըրզ»ին տուած իր տեղեկագրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան պաշտօնատար մը առանց հարցին շուրջ դառնալու` ըսաւ. «Ասիկա սպաննելու գործողութիւն մըն էր»: Եւ ինչո՛ւ պիտի չըլլար: Պատերազմին նպատակը հակառակորդը պարտութեան մատնելն է, օրինական միջոցներով թշնամիները սպաննելը: Պատերազմը պատերազմ է:

«Սի. Այ. Էյ.»ի կողմէ հայթայթուած անթուակիր ներկայացում մը, որ ցոյց կու տայ Ապոթապատի բնակարանին յատակագիծը:

«Սի. Այ. Էյ.»ի կողմէ հայթայթուած անթուակիր օդային պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ բնարականը: Գործողութիւնը տեղի ունեցաւ բնակչութեամբ խճողուած շրջանի մը մէջ:

«Էյ. Պի. Սի. Նիուզ»էն ձեռք ձգուած վիտէոյէ առնուած պատկեր մը, որ ցոյց կու տայ բնակարանին մէջ գտնուող հագուստի պահարան մը: Պըն Լատենի դիակը նետուեցաւ ծով` անոր մահէն քանի մը ժամ ետք:
Ճշմարտապէս, այդքան ալ պարզ չէ: Եւ ոչ ամէն բան, որ Միացեալ Նահանգներ պատերազմ կը կոչեն, իրապէս այդպէս է: Քրեսի նման օրէնքի մասնագէտներ կ՛ըսեն, թէ` «հարցական է, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները կրնա՞ն տակաւին ըսել, թէ՞ զինեալ բախումի մէջ են Քայիտայի հետ»:
Վստահաբար տակաւին պատերազմ էր, երբ Պուշ սկսաւ Աֆղանիստանի ներխուժումը 2008-ին: «Ազատութեան համար տոկալ» գործողութեան թիրախն էին Քապուլի մէջ թալեպան կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ուսամա Պըն Լատենի ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որուն ան նեցուկ էր: Օրին Քայիտան խարիսխներ եւ մարզումի բանակատեղիներ ունէր Աֆղանիստանի մէջ, ճիշդ պատերազմի մէջ եղող կողմի մը նման, իրողապէս: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը համարուէր «անհամաչափ պատերազմ» մը, եւ պատերազմի օրէնքները նաեւ կ՛արտօնեն ծրագրուած սպանութիւնը ոչ պետական պատերազմիկներու, տրուած ըլլալով, որ անոնք իրապէս պատերազմիկներ են` կազմակերպուած զինեալ դիմագիծ ունեցող միաւորներու մէջ, եւ թէ` անոնք համարկուած են այդ միաւորներուն մէջ կա՛մ իբրեւ զինեալ կռուողներ, կա՛մ իբրեւ հրամաններ արձակող ղեկավարներ:
ԱՐԴԵՕՔ ՊԸՆ ԼԱՏԵՆ ՏԱԿԱՒԻՆ Ի՞ՆՔ ԿՈՒ ՏԱՐ ՀՐԱՀԱՆԳՆԵՐԸ
Տարիներ Ուսամա Պըն Լատեն անկասկած պատերազմիկ մըն էր, ըստ վերոնշեալ սահմանումին: Սակայն ահաբեկչութեան մեծաթիւ մասնագէտներ կը կասկածին, որ այդ սահմանումը վերջին շրջանին տակաւին կիրարկելի էր անոր պարագային: «Ըստ երեւոյթին, Քայիտան ցանցային կառոյց մը ունեցած է որոշ ժամանակէ ի վեր: Այդպիսի կառոյցի մը մէջ յստակ չ՛ըլլար, թէ ո՛վ կու տայ հրահանգը անհատական պարագաներու», կ՛ըսէ Քրես: «Դրսեցիները իրենց կարգին շատ քիչ բան գիտեն Փաքիստանի սահմանային շրջաններուն մէջ Քայիտայի կառոյցներուն մասին: Բնաւ հաստատ չենք գիտեր, թէ Պըն Լատեն տակաւին իշխանութիւն ունէր հրահանգներ տալու իբրեւ ղեկավարը երեւութապէս զինուորական կազմակերպութեան մը»:

Վիտէոյէ առնուած պատկեր մը` «Էյ. Պի. Սի. Նիուզ»էն ձեռք ձգուած, որ ցոյց կու տայ դեղատուփ մը` բնակարանին մէջ:

Ամերիկեան ուղղաթիռներէն մէկը կործանեցաւ գործողութեան ատեն ունեցած թեքնիք խանգարումի մը պատճառով: Չկային զոհեր կամ վիրաւորներ` յարձակող ամերիկեան խումբին մէջ:
Այդուհետեւ, եթէ Պըն Լատեն այլեւս ղեկավար չէր, արտօնելի պիտի չըլլար անոր հետ վարուիլ իբրեւ թշնամի պատերազմիկի մը կամ սպաննել զայն:
Նաեւ յստակ չէ, թէ այդ գործողութիւնը իրապէս ո՛ր տագնապին մաս կը կազմէր: Գործողութիւնը տեղի չունեցաւ «Ազատութեան համար տոկալ» գործողութեան իսկական ճակատամարտի դաշտին վրայ, այսինքն` Աֆղանիստանի, այլ` Փաքիստանի հողին վրայ: Այս կէտին շուրջ եւս միջազգային օրէնքի վերաբերեալ ամերիկեան պաշտօնական տեսակէտը կը շեղի այդ նիւթին շուրջ մասնագէտներուն մեծամասնութեան տեսակէտէն: Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հրամանատարները ամբողջ աշխարհը կը համարեն ճակատամարտի դաշտ մը: Միացեալ Նահանգները կը ջանան արդարացնել զինուորական գործողութիւն մը, ինչպիսին էր կիրակի օրուանը, որեւէ վայրի մէջ, ուր կը հաւատան, թէ թշնամին ապաստան գտած է, ըլլայ անիկա Եւրոպայի կամ Իսլամապատի մէջ:
Քրես եւ զինեալ տագնապներու օրէնքի այլ մասնագէտներու հսկայ մեծամասնութիւն մը անընդունելի կը գտնեն այդ տեսակէտը: «Անհամաչափ տագնապի մը թատերաբեմը ընդհանրապէս սահմանափակուած կ՛ըլլայ տարածքին մէջ այն երկրին, որուն մէջ կամ որմէ ոչ կառավարական դերակատարները կը գործեն երեւութապէս զինուորական ձեւերով», կ՛ըսէ Քրես: «Ուրիշ որեւէ բան պիտի առաջնորդէ դէպի ուժի գործածութեան անհակակշռելի վատթարացումի», կ՛աւելցնէ ան: Կամ արդեօ՞ք ուրիշ անհամաչափ պատերազմ մը կը մղուի Փաքիստանի տարածքին վրայ այսօր` Քայիտայի եւ կառավարութեան միջեւ: Եթէ այո, ի՞նչ է թալեպանի դերակատարութիւնը այդ տագնապին մէջ: Կամ Պըն Լատենին դերակատարութիւնը` իր կարգին: Բնաւ յստակ չէ, որ Պըն Լատեն իր սպանութեան ժամանակ հրամանատարն էր կազմակերպութեան մը, որ զինեալ հակամարտութիւն մը կը վարէր Փաքիստանի մէջ կամ անկէ դուրս, կ՛ըսէ Քրէս:
Ի՞ՆՉ ԳՈՐԾ ՈՒՆԷԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Եւ ի՞նչ գործ ունէին Միացեալ Նահանգները գործելով Փաքիստանի` օտար ուժի մը տարածքին մէջ: Զինուորական արարք մը, որ կը կտրէ ազգային սահմանները` առիթ չտալով ինքնապաշտպանութեան, ընդհանրապէս կը դիտուի իբրեւ գերիշխանութեան ոտնակոխում, բացի եթէ Փաքիստանի կառավարութիւնը օգնութիւն խնդրէր ամերիկացիներէն:
Արդեօք Իսլամապատ իրապէս ըրա՞ւ այդ խնդրանքը: Օպամա փորձեց «ծեփել» հարցը կիրակի գիշեր. «Այս գիշեր ես հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցայ նախագահ Զարտարիի հետ, եւ աշխատակազմիս անդամները նաեւ կապուեցան իրենց փաքիստանցի պաշտօնակիցներուն հետ: Անոնք մեզի հետ համաձայն են, թէ ասիկա լաւ եւ պատմական օր մըն է մեր երկու երկիրներուն համար ալ»:
Բայց արդեօք կիրակի օր արդարութեան լաւ օ՞ր մըն էր:
Տարիներ շարունակ միջազգային օրէնքի սկզբունքը եղած է հետամուտ ըլլալ արդարութեան` փոխանակ պատերազմի: Կիրակի, 1 մայիսին, Օպամա ըսաւ, թէ Պըն Լատենի վախճանը «վկայութիւն մըն է մեր երկրի մեծութեան»: Եթէ Միացեալ Նահանգները գործածէին նոյն ուժը, որ իրենց կամքը պարտադրելու համար ներդրեցին Իրաքի ներխուժման ատեն Սատտամ Հիւսէյնի կամ Մուամմար Քազզաֆիի նման բռնատէրերու դէմ (տակաւին չնշելով Ուսամա Պըն Լատեն կամ, ամերիկեան յորջորջումով, «զանգուածային մարդասպանը»)` նստեցնելու համար միջազգային ատեանի մը ամբաստանեալի մը աթոռին վրայ, կարելի կ՛ըլլար հաւատալ այդ խօսքին:
ԹՈՄԸՍ ՏԱՐՆՍԹԱՏ
«Տեր Շփիկըլ»