Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Ապու Տապիի Նահատակաց Եկեղեցւոյ Շինութեան

Անցեալ տարի Արամ Ա. կաթողիկոս Ապու Տապիի մէջ հիմնարկէքը կատարեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ: Շինարարական յանձնախումբը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի` իրեն իբրեւ նեցուկ ունենալով Ապու Տապիի, Տուպայի եւ Շարժայի մէջ բնակող հայերը: Շինարարական յանձնախումբին մաս կը կազմեն Հրայր Սողոմոնեան, Վարուժան Ներկիզեան, Գրիգոր Մահսերեճեան եւ Արա Խանոյեան: իսկ եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Սուրէն Գոչաքեան:

Երէկ, վեհափառ հայրապետը եկեղեցւոյ ճարտարապետը ընդունելով ուրախութեամբ հաստատեց, որ շինարարական աշխատանքները դրական ընթացքի մէջ են եւ պիտի աւարտին յառաջիկայ յունուարին: Յայտնենք, որ եկեղեցին Ապու Տապիի մէկ կարեւոր շրջանին մէջ կը գտնուի: Ան պիտի ունենայ նաեւ քահանայի ու առաջնորդի յատուկ բաժիններ եւ ժողովրդային հաւաքներու յարմար սրահ: Շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան շինարարական յանձնախումբին հետ միասին մօտէն կը հետեւի շինարարական աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES