«ՆԱՊՈՒՔՕ»Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ԿՆՔՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` 6 ՅՈՒՆԻՍԻՆ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ 6 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նապուքօ» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման մասնակից ընկերութիւններուն միջեւ համաձայնագիրի ստորագրման արարողութիւնը:

Թուրք նախարարը ըսած է, թէ համաձայնագիրը պիտի ստորագրեն «Օ.Էմ.Վի.» (Աւստրիա), ՊՈԹԱՇ (Թուրքիա), Պուլկարկազ (Պուլկարիա), Թրանսկազ (Ռումանիա), «Էմ. Օ. Էլ. Նեչըրըլ կազ» (Հունգարիա) եւ «Առ.Տապլիու. Ի.» (Գերմանիա) ընկերութիւնները: Ըստ անոր, համաձայնագիրին ստորագրման համար որեւէ խոչընդոտ չկայ:

Եըլտըզ աւելցուցած է, որ այս տարուան ընթացքին նախագիծի հովանաւորները պիտի փորձեն ազրպէյճանական կողմի վերջնական պատասխանը ստանալ` նախագիծին մասնակցելու առնչութեամբ: «Եթէ Ազրպէյճանի պատասխանը բացասական ըլլայ, ապա մենք բանակցութիւններու պիտի սկսինք Իրանի, Իրաքի եւ Թուրքմենիստանի հետ: Մեզի եւ Եւրոպայի համար այդ նախագիծը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ մենք ժամանակ կորսնցնելու իրաւունք չունինք: Այդ իսկ պատճառով, մենք պիտի օգտագործենք բոլոր տարբերակները` «Նապուքօ»ն իրականացնելու համար», ըսած է թուրք նախարարը:

 

Share this Article
CATEGORIES