Այսօր` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հանդիպումը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այսօր` երկուշաբթի, 10 յունիսին, Ժել էլ Տիպի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի ունենայ յատուկ հանդիպում մը` լիբանանեան մարզական մամուլին հետ: Յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին տեղի ունենալիք հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուին Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերուն մասին:
Ապա երեկոյեան ժամը 19:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի պիտի ունենայ մարզական տարեկան հանդիպում մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին տարբեր տեսակի նիւթեր եւ հարցեր:
CATEGORIES Մարզական

