Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Ստեղծագործական Յաջող Ցուցահանդէսը

Հայ աւետարանական քոլեճի տարեկան ցուցահանդէսին, շաբաթ, 1 յունիս երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ, եւ նշեց, թէ այս տարուան աշակերտական ստեղծագործական ցուցահանդէսը կը զուգադիպէր դպրոցի 90-ամեակին: Տնօրէնը մէկ առ մէկ նշեց ցուցահանդէսին մէջ բաժին ունեցող ուսուցիչները` Վազգէն Մուղալեան (գծագրութիւններ եւ ձեռային աշխատանքներ), Նուարդ Ղորղորեան եւ Յասմիկ Տեմիրճեան (գիտական գործեր), Կարինէ Չոլագեան եւ Հռութ Եունիսէս (հոգեւոր բնոյթով աշխատանքներ), Փոլին Աբանեան (համակարգչային աշխատանքներ) եւ Յասմիկ Թորոսեան, Թալին Տէր Կարապետեան եւ Ռոզ Ֆռնզեան (մանկապարտէզի փոքրերու գործեր): Ապա տնօրէնը խնդրեց Վազգէն Մուղալեանէն` Ֆապրիանոյի 2012 մրցանքին արժանացած 9 աշակերտներուն մրցանակները բաժնել: Հուսկ, հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուբինա Արթինեան, Ա. եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեան եւ տնօրէնը քակեցին սրահի մուտքի ժապաւէնը` առիթ ընծայելով ներկաներուն, որ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիի հանդիսասրահը լրիւ գրաւած ցուցահանդէսը դիտեն: Ցուցադրուած գործերուն մէջ էին ԺԲ. դասարանի աշակերտ Ճէյմս Տեքրմենճեանին բնանկարները: Ամբողջ ժամ մը ներկայ հասարակութիւնը ըմբոշխնեց աշակերտական գործերուն ցուցադրումը` գնահատելով տարուած աշխատանքը:

Share this Article
CATEGORIES