Չելսի Համաձայն Գտնուեցաւ Իր Կազմին Միացնել Շիւյերլը
Ժոզէ Մուրինիօ, որ երկրորդ անգամուան համար ստանձնեց Չելսիի մարզիչի պաշտօնը, գրեթէ ամբողջացուց իր առաջին մարզիկին փոխանցումը` նկատի ունենալով, որ լոնտոնեան ակումբը համաձայն գտնուեցաւ կազմին միացնել Պայէր Լեւերքուզընի մարզիկ Անտրէ Շիւյերլը:
Թէեւ անոր փոխանցման գումարին մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ըստ անգլիական մամուլին, կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար գերմանական ակումբը գանձեց շուրջ 28 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 22 տարեկան Շիւյերլը այս տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն նշանակեց 11 կոլ:
Նշենք, որ անոր «Սթեմֆըրտ Պրիճ» ժամանումը կրնայ պատճառ դառնալ գերմանացի Մարքօ Մարինի հեռացման:
CATEGORIES Մարզական

