ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ
«ԿՐԱԿԻՆ ՄԷՋԷՆ» ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հայաստանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ մայիս 14-ին տեղի ունեցաւ «Կրակին մէջէն» գիրքին շնորհահանդէսը:
«Կրակին մէջէն» իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է 1908 թուականին հիմնադրուած «Ժամանակ» օրաթերթին անդրանիկ համարներէն սկսեալ` հինգ ամսուան վրայ, եւ 2010-ին Երեւանի մէջ թերթի գրական խմբագիր Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս կը տեսնէ իբրեւ առանձին հատոր:
Ժամանակաշրջանի գրական կեանքին, թերթօն-վէպի ժանրային առանձնայատկութիւններուն եւ հեղինակին ընդհանուր անդրադարձին մասին վերլուծեցին Նելլի Անանեան եւ Նարինէ Պետրոսեան, անոնք վէպը արժեւորեցին որպէս յեղափոխական գրականութեան նմուշ, Գումգաբուի յայտնի դէպքերու, Պանք Օթոմանի գրաւման մասին առաջին փաստագեղարուեստական վէպ եւ հայ-ազգային ընկերային կեանքի, տարբեր ներկայացուցիչներու, կնոջ ազատական հայեացքներու եւ հանրային այլ հարցերու ուղղութեամբ կարեւոր գրականութիւն:
Ձեռնարկին Սեւան Տէյիրմենճեան լուսապատկերային ցուցադրութեամբ ներկայացուց Պոլսոյ այն տեսարանները, ուր տեղի ունեցած են վէպի իրադարձութիւնները, ինչպէս` Սամաթիա, Ս. Գէորգ եկեղեցի, Կալաթասարայի վարժարանը, Բերա թաղամասը, Անգլիոյ դեսպանատունը, Պանք Օթոման եւ անոր գրաւումին մասնակիցները, վէպի` օրաթերթին մէջ տպագրուած հատուածներ, ինչպէս նաեւ` այս թեմային մասին հետագային անդրադարձած երեք հեղինակներ եւ անոնց գիրքերը: Հեղինակներէն է Ալեքսանդր Թոփչեանը իր «Պանք Օթոման» վէպով, որ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է հայ եւ օտար, գրական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ: Խօսք առնելով` Ա. Թոփչեան վէպը ներկայացուց անցեալի եւ ներկայի միջազգային յարաբերութիւններու, մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերուն ծիրին մէջ:
Շնորհահանդէսի աւարտին գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան անդրադարձաւ «Ժամանակ» օրաթերթին կարեւորութեան վրայ: Ապա թերթին սահմանած յատուկ շնորհակալական գիրեր յանձնուեցաւ Ռուբէն Միրզախանեանին, Նելլի Անանեանին, Նարինէ Պետրոսեանին, Գայեանէ Մուրատեանին, Գուրգէն Գասպարեանին, չմոռցուեցաւ նաեւ վաղամեռիկ գրականագէտ Գրիգոր Յակոբեանը` գիրքի հրատարակման առաջին ջատագովներէն մէկը:
«ԵՐԿՐԻ ՕՐ» ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ ԵՒ «95 ԾԱՌ»
ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրման ու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը կը շարունակեն 2008 թուականէն ի վեր սկսած բնապահպանման «Երկրի օր»ուան նուիրուած քարոզարշաւը:
Այս տարի ապրիլ 1-ին մեկնարկած մամլոյ ասուլիսով յայտարարեցին «Տնկիր քո ծառը քո երկրում» կարգախօսը: Քարոզարշաւը հանրութեան ա՛լ աւելի մատչելի դարձնելու նպատակով հիմնադրամը սկսած է պատկերասփիւռային ընկերային հոլովակ մը: Հանրածանօթ մարդիկ, հանրայայտ արուեստագէտներ, երաժիշտներ, ընկերութիւններու ղեկավարներ միացած են քարոզարշաւին եւ տեսահոլովակին մէջ կը խօսին «Երկրի օր»ուան մասին:
«Բոլորս պէտք է երիտասարդ սերունդին մէջ սերմանենք այն միտքը, որ մեր երկրի մեծագոյն հարստութիւնը բնութեան բարիքներն են: Այդ բարիքները, սակայն, սահմանափակ են եւ հարկ է խնայողաբար վերաբերիլ անոնց հետ», ըսաւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
«Երկրի օր-2011» քարոզարշաւի օրակարգը բազմաճիւղ է, ինչպէս` աղբի հաւաքում, տարածքի մաքրման աշխատանքներ, ծառատնկում, լուսանկարչական մրցում («Իմ անտառը») եւ այս մասին հանրային կարծիքի իրազեկութեան բարձրացման միտուած այլ ձեռնարկներ:
Մամլոյ ասուլիսէն ետք տեղի ունեցաւ հիմնադրամին պատրաստած «95 ծառ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը 30 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական է, որ կը խօսի 95 տունկերու` Արեւմտեան Հայաստանէն դէպի Երեւան կատարած յուզիչ ուղեւորութեան մասին:
Հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն բերուած են 2010 թուականի տունկերը, որպէս Ցեղասպանութեան 95-ամեակի իւրօրինակ խորհրդանիշ եւ համալրուած Ծիծեռնակաբերդի «Յուշերի պուրակ»ին մէջ:
Այս տարի կարելի է «Փէյփալ»ի եւ www.sunchild.org կայքէջին միջոցով կատարել նուիրատուութիւններ: Տասէն աւելի ծառի նուիրատուին անունը յատուկ ցուցատախտակներով պիտի նշուի ծառատունկի տարածքին եւ պիտի ստանան յատուկ վկայագիրեր:
ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ` ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
19-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԾԱՌԱՏՈՒՆԿ
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»էն յայտնած են, որ վերջերս Եռաբլուրի մէջ տեղի ունեցած է «Երկրի օր» խորագիրով քարոզարշաւին ամփոփիչ միջոցառումը` Շուշիի ազատագրութեան 19-րդ ամեակին նուիրուած խորհրդանշական ծառատունկը:
Նշենք, որ տնկուող իւրաքանչիւր ծառ կրած է արցախեան գոյամարտին զոհուած նահատակներէն մէկուն անունը: Ծառատունկին տարածքը նախապէս մաքրուած եւ նախապատրաստուած է կազմակերպիչ կառոյցներու աշխատակիցներու եւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն կողմէ:
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը Հայաստանի բջիջային առաջատար ընկերութեան «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի հետ միատեղ արդէն 4-րդ տարին է, որ կ՛իրականացնեն Երկրի օրուան նուիրուած մեծ քարոզարշաւ: Յիշեցնենք, որ այս տարուան քարոզարշաւը սկսած էր 1 ապրիլին: «Տնկէ քու ծառդ քու երկրիդ մէջ» կարգախօսով քարոզարշաւին ընթացքին զանազան միջոցառումներուն զուգընթաց, կազմակերպուած են շարք մը ծառատունկեր, ինչպէս Երեւանի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ:
Յատկանշական է, որ ծառատունկի տարածքը խնամելու համար օգտագործուած է այս տարուան 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ հաւաքուած ծաղիկներուն վերամշակման իբրեւ արդիւնք ստացուած պարարտանիւթը:
12-ԱՄԵԱՅ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐՈՒՀԻ
ԱՐԵՒԻԿ ԻՎԱՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի մեծ դահլիճին մէջ վերջերս կայացաւ 12-ամեայ ջութակահար Արեւիկ Իվանեանի ելոյթը, որ նուիրուած էր Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի փրոֆեսէօր Արտաշէս Մկրտչեանի 60-ամեակին: Մենակատարումը բաղկացած էր երկու արարէ: Ելոյթին հնչած են Պախի, Մոցարթի, Թարթինիի, Փականինիի եւ Վենեաւսքիի ստեղծագործութիւնները` Ալինա Յակոբեանի նուագակցութեամբ:
Արեւիկ Իվանեան ծնած է 1998-ին, Երեւան: Հինգ տարեկանէն սկսած է ջութակ նուագել Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, իր մօր` Մարիամ Իվանեանի դասարանը յաճախելով: 2004 թուականին, երբ Արեւիկ 6 տարեկան էր, առաջին մրցանակին արժանացած է Էմին Խաչատրեանի անուան պատանի ջութակահարներու հանրապետական մրցոյթին, իսկ մէկ տարի ետք դափնեկիրի կոչման` Սպենդեարեանի անուան հանրապետական մրցոյթ-փառատօնին: 2007 թուականին Արեւիկ մրցանակներու արժանացած է Աւետ Գաբրիէլեանի եւ Սարգիս Ասլամազեանի անուան մրցոյթ-փառատօներուն եւս: 2010 թուականին Արեւիկ մէկ ամսուան տեւողութեամբ վարպետութեան դասեր ստացած է Լոնճիի (Միացեալ Նահանգներ, Քէմպրիճ) երաժշտանոցին մէջ, փրոֆեսէօր Մարք Լաքերովիչի դասարանը: Հայ-աւստրիական երաժշտական փառատօնի ծիրին մէջ Արեւիկ վարպետութեան դասեր ստացած է աւստրիացի ջութակահար Կէորկ Համմանիցէն եւ մասնակցած է փառատօնին եզրափակիչ ելոյթին: Արեւիկ մենակատարումներով հանդէս եկած է Երեւանի, Վանաձորի եւ Պոսթընի մէջ:
Այս տարուան յուլիսին Արեւիկ Իվանեան կը պատրաստուի մասնակցելու Իտալիոյ Քրեմոնա քաղաքին մէջ Անթոնիօ Սթրատիվարիուսի ֆոնտին կողմէ կազմակերպուող ջութակահարներու մրցոյթին, որուն 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուաններուն մասնակցելու համար պատանի ջութակահարը յաղթահարած էր առաջին նախընտրական հանգրուանը` հիացնելով դատական կազմի անդամները:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԱԽ
ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՄԵԾ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Այս տարուան յունիս 28-էն յուլիս 3 Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան 20-ամեակին նուիրուած մեծ ցուցահանդէս, որուն պիտի մասնակցին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներու ներկայացուցիչները: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան: Ան ցուցահանդէսին պատշաճ մակարդակով ներկայանալու համար կառավարութենէն խնդրած է 25 միլիոն դրամ: Ըստ նախարարին, ցուցահանդէսին նախապատրաստական աշխատանքները պիտի իրականացուին տնտեսութեան նախարարութեան առեւտրային ներկայացուցչութեան եւ զարգացման հայկական գործակալութեան միջոցով:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ գումարը յատկացնելէ ետք նշած է, որ` «մենք պէտք է արագացնենք այս գործընթացը, պայմանագիրը ստորագրենք, տաղաւարները նախապատրաստենք եւ այլն, որովհետեւ ժամանակ չկայ»:
ԼՈՅՍ ՊԻՏԻ ՏԵՍՆԷ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ
ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՅՐ ՑՈՒՑԱԿԻ
2 ՆՈՐ ՀԱՏՈՐՆԵՐ
Այս տարի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանը պիտի հրատարակէ ձեռագիրներու մայր ցուցակի 6-րդ եւ 7-րդ հատորները: Մատենադարանի ձեռագրատան գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան նշած է, որ մայր ցուցակներու կազմութեան աշխատանքները սկսած են 1974 թուականին: Ըստ անոր, այս աշխատանքին հիմնական նպատակն է Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներուն բովանդակութիւնը առաւել հասանելի եւ մատչելի դարձնել հասարակութեան լայն շերտերուն:
Գ. Տէր Վարդանեան հաղորդած է, որ ձեռագիրներու մայր ցուցակին մէջ իւրաքանչիւր ձեռագրի մասին նշուած է 15-20 էջ տեղեկատուութիւն` բովանդակութեան, արտաքին նկարագրին, ընդհանուր վիճակին, տառաձեւին, նախշանկարներուն եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին: Ան շեշտած է նաեւ, որ Մատենադարանը ամէն տարի կը համալրուի 50-70 նոր ձեռագիրներով, իսկ այս տարուան համալրումներուն թիւը արդէն 6 է:
Յայտնենք, որ Մատենադարանին մէջ կը պահուի 11 հազար 195 միաւոր հայատառ եւ ամբողջական ձեռագիր մատեան: Մօտաւորապէս ամբողջ աշխարհին մէջ հայատառ 31 հազար միաւոր ձեռագիր մատեան կայ: Անոնցմէ աւելի քան 500 մատեան կը պահուի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, իսկ 349 մատեան` Ֆրանսայի մէջ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի աջակցութեամբ, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի ուսանողական խորհուրդը մայիս 20-22-ին հիմնադրամի Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ իրագործեց «Հայաստանի տնտեսութիւնը երէկ, այսօր, վաղը» խորագիրով ուսանողական գիտաժողովը: Ըստ հիմնադրամին հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին, այս ծրագիրին նպատակն է գիտական տնտեսական զեկոյցներու եւ քննարկումներու միջոցով գնահատել եւ երիտասարդութեան աչքերով կանխատեսել մեր երկրի տնտեսութեան ապագան` զուգահեռներ գծելով երկրի տնտեսական անցեալին եւ ներկային միջեւ: Գիտաժողովին նպատակներէն է նաեւ փայլուն ուսանողները ներգրաւել տնտեսական քաղաքականութիւն իրականացնող կառոյցներու մէջ, որոնք իրենց ժամանակակից մօտեցումներով կ՛օգնեն մեր երկրին զարգացման:
Գիտաժողովի ընթացքին հնչած են Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն, մասնաւորապէս` գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, դրամատնային, ապահովագրական, ելեւմտական համակարգերու ներկային եւ զարգացման միտումներուն, արժեթուղթերուն, տնտեսութեան մէջ նորագոյն արհեստագիտութեան կիրարկութեան, մենաշնորհներուն եւ անոնց դէմ պետական մարմիններու պայքարին վերաբերող 30 զեկուցումներ: Գիտաժողովը բաղկացած է երեք բաժինէ: Իւրաքանչիւր բաժինի լաւագոյն հռչակուած զեկուցումին հեղինակը պարգեւատրուած է պատուոյ գիրով եւ արժէքաւոր մրցանակով:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՆԿԱՐԻՉ ՌԻՇԱՐ ԺԵՐԱՆԵԱՆԻ
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
20 մայիսին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է ֆրանսահայ նկարիչ Ռիշար Ժերանեանի անհատական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր նկարիչին ծննդեան 90-ամեակին: Ռ. Ժերանեանի կտաւներու նիւթի, սեռի եւ ոճական ընդգրկումը չափազանց լայն ու բազմազան է:
Խորհրդային տարիներէն` 1950-ական թուականներէն ի վեր արուեստագէտը պարբերաբար ցուցահանդէսներ ներկայացուցած է. ան ընդհանրապէս պատկերած է հայկական բնութիւնն ու մշակութային կոթողները Հայաստանի մէջ:
Ռ. Ժերանեան ծնած է 17 յուլիս 1921-ին, Սեբաստիա: Փոքր տարիքին փոխադրուած են Ֆրանսա: Ան իր կրթութիւնը ստացած է Մարսէյի գեղարուեստի դպրոցին մէջ, Փարիզի «Ժիւլիեն» եւ «Կրան Շոմիեր» ակադեմիաներուն մէջ: Ան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ ներկայացուցած է աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ` Փարիզ, Մարսէյ, Պէյրութ, Թեհրան, Ժընեւ, Միւնիխ, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Տալաս, Երեւան, Գիւմրի եւ այլուր: Ռ. Ժերանեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, որոնցմէ են` բնանկարի Հոնֆլեորի մրցանակը` 1952-ին, Տովիլ քաղաքի մեծ մրցանակը` 1952-ին, Փարիզի արծաթէ մրցանակը` 1955-ին, Արուեստի եւ գրականութեան մրցանակը` վերստին Փարիզի մէջ, 1955-ին, «Արուեստները Եւրոպայի մէջ» ցուցահանդէսի մրցանակը` Պրիւքսել, 1964-ին, գծանկարի Եւրոպայի առաջին մրցանակը` Մոնաքօ, 1966-ին, Մարտիրոս Սարեանի անուան Հայաստանի նկարիչներու միութեան մրցանակը` Երեւան, 1987-ին, եւ այլ մրցանակներ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի ներկայացուիլ հանրութեան մինչեւ յունիս 3:
«ԳԱՖԵՍՃԵԱՆ» ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ
ԹԱՄԱՆԵԱՆ ՊՈՒՐԱԿԻՆ ՄԷՋ ՅՈՒՆԻՍ 1-ԻՆ
ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՄԱՆՈՒԸՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
«Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնին Թամանեան պուրակին մէջ յունիս 1-ին պիտի նշուի Մանուկներու պաշտպանութեան միջազգային օրը: Արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին մայրաքաղաքի բոլոր համայնքներու մանուկներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ` յատուկ կարիքներով փոքրիկներն ու մանկատան սաները, որոնք պիտի համախմբուին «Աշխարհը քոնն է» կարգախօսին շուրջ:
Ինչպէս նախորդ տարի, նոյնպէս ալ այս տարի «Գաֆեսճեան» քանդակներու պարտէզին մէջ Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի սաներուն եւ ուսուցիչներուն օգնութեամբ փոքրիկները կարելիութիւն պիտի ունենան մասնակցելու արուեստի զանազան տեսակներու` նկարչութեան, խեցեգործութեան, ծաղիկներու ձեւաւորման եւ այլն: Իսկ Տիկնիկային թատրոնը, զուարճալի ծաղրածուները եւ հեքիաթներու սիրուած հերոսները մեծ ուրախութիւն պիտի պարգեւեն փոքրիկներուն:
Նշենք, որ ըստ Արուեստի կեդրոնի հանրային կապերու պատասխանատու Աննա Սիմոնեանի, այս ձեռնարկը պիտի կայացուի Ճերարտ Լ. Գաֆեսճեանի բարձր հովանաւորութեան տակ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՅԻՍ 15-Ը ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ
ԵՒ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԻԲՐԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՕՐ
Մայիսեան տօներու շարքը համալրելու համար վերջերս Հայաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ հաստատած է, որ «Հայաստանի տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ կատարուած է փոփոխութիւն, ըստ որուն, մայիս 15-ը այսուհետեւ պիտի նշուի իբրեւ ընտանիքի օր:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ այս տարուան մայիս 15-ին իսկ օրէնքը գործադրուեցաւ եւ նշուեցաւ Ընտանիքի օրը` մեծ շուքով:
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ
Մ. ՍԻՎԱՍԼԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հայաստանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ ներկայացուած է ֆրանսահայ լուսանկարիչ Մաքս Սիվասլեանի «Հոն տեղ ապրած ենք…» խորագիրով աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Հայ արուեստասէր հասարակութիւնը կարելիութիւնը ունեցած է վայելելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարուած 60 լուսանկարները, որոնց մէջ ներկայացուած են ո՛չ միայն քրիստոնեայ հայերը, այլեւ անոնք, որոնք հարկադրաբար ընդունած են իսլամութիւնը:
Էջմիածնի մայր տաճարի թանգարանի տնօրէն Շահէն Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ լուսանկարչական արուեստը ինքնօրինակ ներկայացուած է ցուցահանդէսին մէջ: «Լուսանկարներուն մէջ կարելի է տեսնել այնպիսի պատկերներ, որոնք մարդուն մտովի կը տեղափոխեն Արեւմտեան Հայաստան», նշած է Շ. Խաչատրեան: Ան բարձր գնահատած է այն հանգամանքը, որ ցուցահանդէսը դիտելու եկած են նաեւ երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչները:
Ըստ Հայաստանի Շարժապատկերի աշխատողներու միութեան նախագահ Ռուբէն Գէորգեանցի, մեծ եղած է Մ. Սիվասլեանի դերը ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն, երբ ան կռուած է իր «ուրոյն զէնքով» եւ այդ զէնքը, որ շատ վտանգաւոր էր, կրցած է օգտագործել շատ ճիշդ ձեւով:
Յայտնենք, որ Մ. Սիվասլեան 1992-էն ի վեր կ՛աշխատի Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագրին մէջ:
ՊԵՏՐՈՍ ՊԵՏԻՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
«ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ» ՄԵՏԱԼՈՎ
Մայիս 13-ին Երեւանի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, Տիգրան Հեքեքեանի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր լեզուաբան եւ մանկավարժ Պետրոս Պետիրեանի 80-ամեայ յոբելեանին նուիրուած երեկոյ:
Պ. Պետիրեան շարք մը գիրքերու, բառարաններու եւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ է: Անոր գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ սփիւռքի հայկական դպրոցներու համար պատրաստուած աշխատութիւններ:
Ոսկեղնիկ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին եւ 80-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ, նախարար Հ. Յակոբեան պարգեւատրեց Պ. Պետիրեանը` նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ