ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 11-ԱՄԵԱԿ (ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Իսրայէլեան ուժերը կը հեռանան Լիբանանէն:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին կողմէ պատրաստուած եւ սփռուած վաւերագրական ժապաւէն մը կ՛անդրադառնայ 2000 թուականին իսրայէլեան ուժերուն հարաւային Լիբանանէն հեռանալու որոշումին:

Իսրայէլեան աղբիւրներու եւ հեղինակութիւններու կողմէ պատրաստուած այս ժապաւէնին մէջ կը հաստատուի, թէ հարաւային Լիբանանէն 24 մայիսի գիշերն իսկ հեռանալու Իսրայէլի որոշումը կանխաւ ճշդուած թուական մը չէր, այլ պարտադրուած էր Հըզպալլայի կողմէ` շնորհիւ ապահովական գօտիին վրայ անոր բանեցուցած ճնշումներուն:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանին սփռած այս տեղեկագիրին ընթացքին բացայայտուեցան այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք իսրայէլեան ուժերուն հեռացումէն 11 տարի ետք առաջին անգամն է, որ կը հնչեն իսրայէլացի պաշտօնատարներուն եւ զինուորականներուն կողմէ:

Տեղեկագիրի շրջագիծին մէջ իսրայէլացի պատասխանատուներ հաստատեցին, որ հարաւային Լիբանանէն հեռանալու իսրայէլեան որոշումը, որ սխալ կերպով տրուած էր, տասնամեակ մը ետք տակաւին չէ քննարկուած:

Տեղեկագիրին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ հիմնական սխալը այն է, թէ այդ որոշումը տուող պատասխանատուները տակաւին կը շարունակեն իրենց ազդու դերակատարութիւնը ունենալ իսրայէլեան ապահովական որոշումներուն մէջ եւ կը շարունակեն կրկնել այդ սխալները:

Հարաւի բնակչութիւնը կ՛ուղղուի դէպի իր հողերը:

«Այս ծիրին մէջ հարկ է նշել, որ հարաւային Լիբանանէն հեռանալու որոշումը տալուն մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունէր Էհուտ Պարաքը, որ օրին վարչապետ էր: Իսկ զինուորական մակարդակին վրայ` իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետն էր Շաուուլ Մոֆազ, իսկ Կապի Աշքինազի եւ Պենի Կանց ունէին զինուորական բարձրաստիճան պաշտօններ:

Տեղեկագիրը, որ լեցուն է իսրայէլացի քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուներու վկայութիւններով, կը փորձէ լուսարձակի տակ առնել 2000-ին տիրող պայմանները եւ զայն բաղդատել ներկայ պայմաններուն հետ:

Իսրայէլացի վերլուծաբան Աուֆար Շիլհ նկատել կու տայ, որ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումին այսօր քաղաքական բացատրութիւն կը տրուի:

«Իսրայէլի աջակողմեան քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, թէ Իսրայէլի պարտուողական հոգեբանութիւն կրող շրջանակներուն կեցուածքները յաղթական դուրս եկան եւ պատճառ դարձան, որ իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանէն հեռանայ: Միւս կողմէ, ձախակողմեան քաղաքական ուժերը կը հաստատեն, թէ իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը վերջ տուաւ 18 տարուան դժբախտութեան. անոնք կ՛աւելցնեն նաեւ, որ հզօր ղեկավար մը գիտէ, թէ ե՛րբ պէտք է հեռանայ: Իսկ իսրայէլեան բանակը հարաւէն իր հեռացումը կը նկատէ փառաւոր, պարզ այն պատճառով, որ այդ հեռացումը կատարուած է առանց իսրայէլացի զինուորի մը վիրաւորուելուն», կ՛ըսէ Շիլհ:

Ան կը հաստատէ նաեւ, որ սատանան կը գտնուի մանրամասնութիւններուն մէջ, նշելով, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած 2000-ի մանրամասնութիւնները ոչ ոք` նոյնիսկ սատանան չի յիշեր: Այս առումով, Շիլհ կ՛անդրադառնայ օրին Մոֆազի արտասանած ճառին, որուն մէջ ան կը շեշտէ, թէ այդ օրը պատմական է Իսրայէլի համար, որովհետեւ 24 մայիսի գիշերը իսրայէլեան ուժերը ողջ-առողջ վերադարձած են Իսրայէլ:

Հարսանիք` հարաւային Լիբանանի մէջ:

Շիլհ կ՛ընդգծէ, որ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը կարեւոր է, որովհետեւ Իսրայէլի զինուորական համակարգին արձանագրած ձախողութիւնները կը բովանդակէ: Այդ  համակարգին ձախողութիւններուն հիմնական աղբիւրներէն կը նկատուին ինքնաբուխ որոշումները, իսրայէլեան բանակին եւ քաղաքական պատասխանատուներուն միջեւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ արձանագրուած ձախողութիւններուն մասին հետաքննութեան չգոյութիւնը:

Հիւսիսային Իսրայէլի մէջ պարտականութիւններ ստանձնած իսրայէլացի բարձրաստիճան զինուորական Չիքօ Թամիր կը շեշտէ, թէ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը պէտք չէր այդ ձեւով կատարուէր: «Մենք պէտք չէր մեր հրասայլերը եւ զրահապատները հարաւի մէջ ձգէինք ու աւազակներու նման փախուստ տայինք», շեշտեց Թամիր:

Շիլհ կը նշէ, որ իսրայէլեան ուժերուն հեռացումէն տասնամեակ մը ետք, օրին պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող անձնաւորութիւնները աւելի դիւրաւ եւ յաւելեալ անկեղծութեամբ կը խօսին այդ մասին, ինչ որ առիթ կու տայ այդ հեռացումը իր ամբողջական պատկերով ներկայացնելու աշխարհին:

«Իմ մեծագոյն վախս այն է, որ մենք մոռնանք պատահածը, եւ 20 տարի ետք մարդիկ մեր մօտ ներկայանան եւ հարց տան, թէ պատերազմը աւարտա՞ծ է, թէ՞ ոչ», կ՛ըսէ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ Մոշէ Քափլինսքի:

Շիլհ, լուսարձակի տակ առնելով Քափլինսքիի այս յայտարարութիւնը, կը նշէ, թէ ներկայ դրութեամբ արձանագրուող իրադարձութիւնները շարունակութիւնը կը կազմեն 2000-ի հեռացումին:

Հըզպալլայի մարտիկները կ՛արժանանան լիբանանցի մայրերուն օրհնութեան:

Անդրադառնալով 1999-ին Էհուտ Պարաքի ընտրարշաւներէն մէկուն, Շիլհի մեկնաբանութիւնը կրող տեղեկագիրին մէջ կը ներառուի Պարաքի հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Զիս կրնաք քննութեան ենթարկել 2000-ի յուլիսին. մենք  մեր զաւակներուն հետ անպայման Լիբանանէն տուն վերադարձած պիտի ըլլանք»: Պարաք նաեւ ներկայիս կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ կը շեշտէ, թէ ինք օր մը բացատրութիւն չէ գտած իսրայէլեան ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ պահելուն առումով:

Մինչդեռ Հայիմ Ռամոն, որ իսրայէլեան Քատիմա կուսակցութեան նախագահած կառավարութիւններուն մէջ նախարարի պաշտօն ստանձնած էր, նկատել կու տայ, որ Պարաք դէմ էր հարաւային Լիբանանէն հեռանալու գաղափարին եւ նման քայլ մը Հըզպալլայի հետ գործակցութիւն կը նկատէր: Ըստ Ռամոնի, Պարաքի կեցուածքները փոփոխութեան ենթարկուած էին, երբ իսրայէլացի ժողովուրդին տրամադրութիւնները փոխուեցան` Անսարիէի դէպքերուն ընթացքին տասնեակ մը իսրայէլացի զինուորներուն սպանութենէն ետք:

Շիլհի համաձայն, 2005-ին Իսրայէլի վարչապետ Արիէլ Շարոնի կողմէ Կազայէն հեռացումի որոշումը համազօր է 2000-ին Էհուտ Պարաքի կողմէ տրուած հարաւային Լիբանանէն հեռանալու որոշումին: Ան կը հաստատէ, որ այս զոյգ որոշումները յանպատրաստից, անխոհեմ, բնազդով տրուած եւ անկազմակերպ որոշումներ են:

Ան նկատել կու տայ նաեւ, որ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ բանակցութիւններուն կրած ձախողութեամբ հանդերձ, Պարաք հաստատ մնացած է հարաւային Լիբանանէն հեռանալու իր որոշումին վրայ:

Հարաւի մէջ լքուած իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը:

21 փետրուար 2000-ին իսրայէլեան բանակի սպայակոյտը գումարեց իր առաջին նիստը եւ ընդգծեց, որ իսրայէլեան ուժերուն նահանջին թուականը վերջնականապէս պիտի որոշուի ըստ լահտեան ուժերուն վարուելակերպին, ինչպէս նաեւ` իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Շաուուլ Մոֆազի արձակելիք հրահանգին:

Շիլհ նկատել կու տայ, որ իսրայէլեան ուժերը տեղեակ էին, թէ լահտեան ուժերը իսրայէլեան բանակին տկարագոյն օղակը կը կազմէին, հետեւաբար Մոֆազի եւ Պարաքի միջեւ արդէն իսկ համաձայնութիւն մը գոյացած էր հարաւային Լիբանանի մէջ 18 տարիներէ ի վեր ամբարուած զէնքերն ու զինամթերքը դէպի Իսրայէլ փոխադրելու եւ գաղտնաբար լքելու հարաւի մէջ հիմնուած իսրայէլեան դիրքերը:

Այս ծիրին մէջ Շիլհ նկատել կու տայ, որ իսրայէլեան բանակը իր բոլոր քայլերը կ՛առնէր այն առումով, որ ինք պատրաստ չէ որեւէ վնաս կրելու, ոչ իսկ զինուոր մը վիրաւորելու` հարաւային Լիբանանէն հեռանալու ընթացքին:

Իր կարգին, Թամիր յայտնեց, թէ մայիսի կիսուն իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի խորհուրդի անդամ Կապի Աշքինազի նամակ մը յղած է Պարաքի եւ` յայտնած, թէ լահտեան ուժերուն քայքայումը մօտալուտ է, աւելցնելով, որ այդ ուժերը արդէն իսկ ուղղակի բախումներու մէջ կը գտնուին Հըզպալլայի մարտիկներուն դէմ:

Լահտեան բանակին չարչարանքներուն ենթարկուած արգելափակեալներ դուրս կու գան Խիամի արգելարանէն:

Թամիր նշեց նաեւ, որ ինք օրին կը կարծէր, թէ լահտեան ուժերուն շունչը աւելի երկար կրնար ըլլալ, եւ անոնք կրնային դիմանալ Հըզպալլայի դէմ, «սակայն չարաչար սխալած էի, որովհետեւ երբեք նկատի չէի առած, որ Հըզպալլա իր մարտիկներով եւ համակիրներով` սովորական քաղաքացիներով, հակակշիռի տակ պիտի առնէ լահտեան ուժերուն ստանձնած առաջին շրջանները` Թիպէի եւ Քանթարայի մէջ», աւելցուց ան:

Այս մասին խօսելով` իսրայէլեան տեղեկագիրին մէջ Շիլհ կը հաստատէ, որ 21-22 մայիսին, ընդամէնը 24 ժամուան մէջ Հըզպալլայի գործած յարձակումները եւ լահտեան ուժերուն վրայ անոր բանեցուցած ճնշումները պատճառ դարձան, որ իսրայէլեան ուժերը փախուստ տան իրենց դիրքերէն: Այս իրականութիւնը իր կարգին մղեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի պաշտպանութեան պատասխանատու զինուորականներ փութան դիմելու Պարաքին եւ Իսրայէլի կառավարութիւնը տեղեակ պահելու, թէ իսրայէլեան ապահովական գօտին տապալելու սեմին կը գտնուի եւ հարկ է անպայման հեռանալ հարաւային Լիբանանէն:

Սակայն վարչապետ Պարաքի տեսակէտը այն էր, թէ հարկ է դիմանալ մինչեւ 2000-ի յուլիսը, որպէսզի կարելի ըլլար միջազգային իրաւունքներ ձեռք ձգել` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ, սակայն հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ուժերը մինչեւ յուլիս պահելը, ըստ Մոֆազի, կ՛ենթադրէր հազար իսրայէլացի զինուոր, որ պահեստի ուժերէն պիտի տրամադրուէր հիւսիսային Իսրայէլի պաշտպանութեան համար:

Այս պահանջին շուրջ Իսրայէլի սեղմ կառավարութեան որոշումը եղաւ ժխտական եւ 23 մայիսին որոշուեցաւ իսկոյն հեռանալ հարաւային Լիբանանէն:

Այս շրջագիծին մէջ, 24 մայիսին իսրայէլեան ուժերը կատարուած իրողութեան առջեւ դրուեցան եւ հարաւէն հեռանալու հրահանգը ստանալէ ետք նահանջեցին` Լիբանանի մէջ ձգելով իրենց զինուորական բոլոր կազմածները:

Շիլհ մէջբերելով Քափլինսքիի արտայայտութիւնը` կ՛ըսէ. «Զիս ամէնէն աւելի կը սարսափեցնէր նահանջելու պահուն յիշողութիւնը», միւս կողմէ աւելցնելով սակայն, որ օրին Իսրայէլի կառավարութեան համար կարեւորը այն էր, որ իսրայէլեան ուժերը առանց մէկ վիրաւոր արձանագրելու հեռացած էին հարաւային Լիբանանէն, «եւ այդ իրականացումը իսրայէլեան պետութեան կողմէ մեծ նուաճում կը նկատուէր», կ՛եզրափակէ Շիլհ:

***

Լահտեան բանակի ծառայող գործակալները ձերբակալուեցան եւ յանձնուեցան պետութեան:

Իսրայէլեան այս «նուաճում»ին առընթեր, իսկական նուաճումը եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ, երբ հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը հարսանեկան թափօրներու համազօր ուրախութեամբ եւ յաղթանակի տօնակատարութեան հոգեբանութեամբ ուղղուեցաւ` ստանձնելու իր հայրենի հողը եւ տիրանալու իր պապենական տան:

Լիբանանի ազատագրման տօնը ազգային իրագործումի տօն է, ինչպէս նաեւ` ազգային անբիծ յիշողութիւն, որմէ պէտք է դասեր քաղեն բոլորը եւ պէտք է հպարտ զգան այդ իրագործումով, որուն շնորհիւ Լիբանան կրցաւ իր պատկերը փոխել եւ ամբողջ աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ իր ազգային արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան տէր պետութիւն:

2000-ին արձանագրուած ազգային այս նուաճումին պէտք է գումարել նաեւ 2006-ի յուլիսեան յաղթանակը, որ եկաւ ջրելու այն հաստատումը, թէ իսրայէլեան բանակը անպարտ է, եւ ոչինչ կրնայ յաղթել իսրայէլեան պետութեան:

2000-էն ետք 2006-ի յաղթանակով կարելի եղաւ փակել նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ գերիներու փոխանակման թղթածրարը… Սակայն, այնքան ատեն որ լիբանանեան որոշ տարածքներ տակաւին բռնագրաւուած կը մնան, ապա լիբանանեան պետութիւնը` իր ժողովուրդով եւ Դիմադրութեան ուժով, պիտի շարունակէ դիմադրել թշնամի Իսրայէլին եւ օր մը անպայման պիտի յաջողի ազատագրել նաեւ հիւսիսային Ղաժարը, Մազարեհ Շեպաան եւ Քֆարշուպայի բարձունքները` Լիբանանին ու լիբանանցիներուն համար կերտելով նորանոր յաղթանակներ եւ Լիբանանի ազգային արժանապատուութիւնը նշելու այլ տօներ:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ եւ «www.alintiqad.com»)

Share this Article
CATEGORIES