4 ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՂՋՆԱԿ ՄԸ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԻԼ ԿՈՒ ՏԱՅ
«Ազդակ»ի 5 մայիսի թիւին «50 տարի առաջ» բաժնին մէջ կարդացինք, որ 8 տարեկան հայ մանչուկ մը Հոլանտայի մէջ հայութեան մասին խօսած է եւ մղած է ուսուցչուհին «Հայկական ժամ» կազմակերպելու ու հայութեան ծանօթանալու:
50 տարի առաջ տեղի ունեցած այդ դէպքին նման դէպք մը պատահեցաւ նաեւ այս ամսուան սկիզբը, երբ Իտալիոյ մէջ 4 տարեկան Անի Պեզիկեան մանկապարտէզի հանդէս-հաւաքին ընթացքին յայտնած է օտար իր ընկերներուն ու ուսուցչուհիին, որ ինք հայ է: Մինչ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր լեզուին վրայ գծած ու ներկած է իր երկրին դրօշակը, Անի եռագոյնը գծած է, խօսած է հայութեան մասին, նաեւ իր ընկերներէն ու ուսուցչուհիէն խնդրած է մոմեր վառել եւ յարգել յիշատակը հայ նահատակներուն, որոնք զոհ գացին չար մարդոց ոճիրին:
4 տարեկան Անիի այս նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ մէջ գտնուող օտար մանկապարտէզին մէջ մանուկները ճանչցած են հայութիւնը եւ իրազեկ դարձած, որ անոնք սպանդի ենթարկուած են: Գնահատելի քայլ մը փոքրիկ հայուհիին կողմէ, որ կը յուշէ, թէ ջահը լուսավառ է: