Նախագահ Սլէյման Վաւերացուց Պետական Պաշտօնեաներուն Եւ Ուսուցիչներուն Յաւելումներուն Որոշումը Եւ Զայն Փոխանցեց Խորհրդարան

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վաւերացուց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն յաւելումներուն վերաբերող որոշումը եւ զայն փոխանցեց խորհրդարան, որպէսզի ան իր կարգին քննարկէ զայն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ներքին լիբանանեան զարգացումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Միշել Էտտէն, որուն հետ նախագահը քննարկեց արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ պետական շուրայի նախագահ, դատախազ Շուքրի Սատեր, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց պետական շուրային կատարած աշխատանքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES