Լուսաբանութեան Մը Առթիւ

«ՀՈՐԻԶՈՆ»-Ի ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Ազդակ»-ի կայքէջի յունիս 13-ի թիւին մէջ հրապարակուած է «Ազդակ»-ի «Հորիզոն»-ի եւ սփիւռքահայ մամուլի երկարամեայ աշխատակից եւ հրապարակագիր Յակոբ Պալեանի «Արդին պիտի ըլլայ վերադա՞րձ վաչկատուն կեանքի եւ անհայրենիք մշակոյթի» խորագրեալ յօդուածը, ուր յօդուածագիրը կը յայտնէ, թէ «Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը դադրեցնէ իր տպագիր հրատարակութիւնը եւ պիտի շարունակէ լոյս տեսնել միայն համացանցային եղանակով»:

Մեր կողմէ յստակացնենք, թէ «Հորիզոն» երբեք չէ դադրեցուցած տպագիր մամուլի իր հրատարակութիւնը, այլ զայն կը շարունակէ բնականոն ընթացքով: Աւելի՛ն, «Հորիզոն» աշխարհասփիւռ հայ տպագիր մամուլի այն հազուագիւտ ներկայացուցիչներէն է, որուն  տնտեսական վիճակը բարւոք է եւ ֆինանսական գետնի վրայ ինքնաբաւ է:

Շաբաթներ առաջ մեր արտասահմանի կարգ մը աշխատակիցներուն ե-նամակով տեղեկացուցինք, թէ` նկատի ունենալով, որ բոլորն ալ համացանցի դրութեամբ օժտուած են, իրենց հասցէներու թղթատար առաքումը պիտի դադրեցնենք եւ փոխարէնը` «Հորիզոն»-ի շաբաթական տպագիր թիւը համակարգչային փի.տի.էֆ. ծրագիրի տարբերակով եւ ե-նամակի միջոցով պիտի փոխանցենք իրենց:

Թիւրիմացութիւնը կայացած է, երբ մեր աշխատակից Յակոբ Պալեանի հասցէին չէ հասած մեր այդ յիշեցման երկտողը…

 

 

Share this Article
CATEGORIES