Միքաթի Քննարկեց Տարբեր Նախարարութիւններու Աշխատանքները
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող հարցեր:
Միքաթիի այցելեց նաեւ կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի, որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած խնդիրներ:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Ռաատ Ալլուսին, որուն այցելութիւնը ունէր ծանօթացման բնոյթ:
CATEGORIES Լիբանանեան


