ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ` ՀԱՐԱՒԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 11-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հարաւի ազատագրութեան 11-ամեակին առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ Դիմադրութիւնը, որոնք պարտութեան մատնեցին թշնամի Իսրայէլը` զայն մղելով, որ իր քայլերուն մասին լաւ մտածէ, նախքան Լիբանանի դէմ որեւէ յարձակում, ներխուժում կամ անխոհեմ գործողութիւն կատարելը:
Նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ կը շարունակէ Մարուն Ռասի եւ այլ շրջաններու մէջ իր գործած սպանդները, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ խախտել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը` մերժելով շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան իր ազգային յատկանիշներով եւ բոլոր կարողութիւններով կրցած է ամրապնդել իր դիմադրողականութիւնը եւ կերտել արդի պետութիւն մը, որ վայել է լիբանանցիներուն:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն եւ ղեկավարութիւններուն` գիտակցելու գործակցութեան, երկխօսութեան եւ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան ու ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի լիբանանեան պետութեան գործունէութիւնը ընթացքի մէջ ըլլայ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Քուէյթի քաղաքապետութեան եւ Քալաա գիւղաքաղաքի միացեալ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Զէյտ Այէշ Ազիմիի եւ Ռիատ Աուարի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանի յայտնեց երկու քաղաքապետութիւնները քոյր քաղաքապետութիւններ հռչակելու մանրամասնութիւնները: