Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի 75-ամեակ. Հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ կը յայտնենք, որ յառաջիկայ 2013-2014 տարեշրջանին պիտի տօնակատարենք Մեսրոպեան վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակը: Արժանավայել կերպով գնահատելու համար վարժարանի անցեալի գործունէութիւնը, սփիւռքեան իրականութեան մէջ շեշտելու համար հայ վարժարանին դերն ու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հանգրուանի ուղենիշները ճշդելու մեկնակէտով, յառաջացած են պատուոյ եւ գործադիր մարմիններ: Առաջինը պիտի ստանձնէ նախաձեռնութիւններու ընդհանուր հովանաւորութիւնը, մինչ երկրորդը` պիտի կատարէ ծրագրաւորման, գործադրութեան կազմակերպական եւ յարաբերական աշխատանքները:

Պատուոյ մարմինին մաս կը կազմեն Վարուժ Ներկիզեան (նախագահ-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան (Լիբանան), հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան (Լիբանան), Ժան Պօղոսեան (Պելճիքա), Յարութ Սասունեան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), մեթր Յակոբ Չուխատարեան (Լիբանան), Էլիզապեթ Սիուֆի (Լիբանան), Արա Ահարոնեան (Ֆրանսա), փրոֆ. Անժելօ Պոզիօ (Իտալիա) եւ Առաքել Մինասեան (Լիբանան):

Իսկ գործադիր մարմինին անդամներն են` հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան (նախագահ), Կրեկուար Գալուստ (Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն), հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան,  Ռաֆայէլ Ումուտեան, Գրիգոր Թերզեան, Աւետիս Կիտանեան, տոքթ. Կոստան Եափուճեան, Ռոզին Էլէյճեան, Հիլտա Հալլաճեան, Սեդա Սիմիտեան, Իզապէլ Լեւոնեան, Րաֆֆի Տեմիրճեան, Շանթ Չիւրիւքեան եւ Աւօ Գարաքէշիշեան:

Գործադիր մարմինը արդէն երեք ամիսէ ի վեր սկսած է ամսական հերթականութեամբ գումարելու իր ժողովները` սերտելով ծրագիրներու իրագործման  կարելիութիւնները:

Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակի այլ նախաձեռնութիւններուն շարքին նախատեսուած են հետեւեալ գլխաւոր հինգ ծրագիրները` 75-ամեակի գովաբանական Ս. պատարագ ու բացման հանդիսութիւն, լիբանանեան հասարակութեան պաշտօնական հանդիսութիւն, մարզական հանդէս ու գեղարուեստական յայտագիր, համահայկական ակադեմական խորհրդաժողով եւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Հրատարակչական առումով, լոյս պիտի տեսնեն վարժարանի անցեալն ու ներկան ներկայացնող հատոր մը, լուսանկարներու ալպոմ, ինչպէս նաեւ արաբերէն գրքոյկ մը:

Յայտնենք, որ ուրբաթ, 14 յունիս 2013-ին, գործադիր մարմինը հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիէ հայոց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայացուեցան 75-ամեակի ծրագիրին նախագիծը եւ առաջադրանքները` հայցելով հոգեւոր տիրոջ օրհնութիւնը:

Մեսրոպեան վարժարանի յոբելենական այս շարժառիթը կը հետապնդէ 75-ամեակէն դէպի 100-ամեակ ապահով երթի հիմքերուն հաստատման ծառացող գլխաւոր եւ էական նպատակը:

75-ամեակը պաշտօնապէս պիտի սկսի հոկտեմբեր 2013-ին եւ իր աւարտին պիտի հասնի դեկտեմբեր 2014-ին: Հետագային, մամուլի ճամբով մեր հասարակութեան կը փոխանցենք յաւելեալ մանրամասնութիւններ:

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 75-ԱՄԵԱԿԻ
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES