«Ամէնէն Վատ Բանը Այն Է, Երբ Մարդ Իր Ապագային Մէջ Անորոշութիւն Կը Տեսնէ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ խմբակցութեան` նուազագոյն աշխատավարձերու բարձրացման բանաձեւը, որ կառավարութիւնը մօտ կէս տարի առաջ մերժեց, սպասումներու հիման վրայ կառուցուած բանաձեւ էր: «Մարդը անորոշութեան մէջ պիտի չյայտնուէր, պիտի չմտածէր թէ, կրնա՞յ յանկարծ կառավարութիւնը 10 տոկոսով, 20 տոկոսով, 50 տոկոսով բարձրացում կատարէ կամ ընդհանրապէս աշխատավարձերը չբարձրացնէ: Ասիկա ամէնէն վատ բանն է, երբ մարդը իր ապագային մէջ անորոշութիւն կը տեսնէ», կառավարութեան «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու նախագիծի քննարկման ընթացքին յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:

Պատգամաւորը նշեց, որ կառավարութիւնը իրենց նախագիծը մերժեց` պատճառաբանելով, թէ անոր իբրեւ արդիւնք պիտի մեծնայ ստուերային տնտեսութիւնը, աշխատողները պիտի չձեւակերպուին, գործարարները աշխատավարձերու բարձրացում փաստացիօրէն պիտի չիրականացնեն: Ան նշեց, որ իրենց նախագիծին մէջ կը նշուէր` այս տարուան 1 յունուարէն նուազագոյն աշխատավարձերը սահմանել 45 հազար դրամ, ինչ որ, ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, կարելիութիւն պիտի տար նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին այս ընկերային լարուածութիւնը չունենալ կամ մեղմացնել: Ըստ Մինասեանի, կառավարութիւնը մերժեց իրենց նախագիծը եւ հիմա կը բերէ այս նախագիծը եւ անունը կը դնէ, թէ իբրեւ միջանկեալ լուծում կու տան: «Իրականութեան մէջ, յարգելի՛ կառավարութիւն, յարգելի՛ գործընկերներ, կառավարութիւնը ոչ թէ միջանկեալ լուծում կու տայ, այլ ասով իր անգործութիւնը եւ անհետեւողական քաղաքականութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ», ընդգծեց ՀՅԴ-ի պատգամաւորը:

«Տարուան կէսէն նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում  կ՛իրականացնէք: Որքան ալ որ դրական է, տնտեսական քաղաքական տեսակէտէն ասիկա սխալ մօտեցում է: Տարուան կէսէն խաղի կանոնը փոխել, ատիկա ալ անհասկնալի սկզբունքներէ մեկնելով, պարզապէս չեմ կրնար բնութագրել, թէ ի՛նչ տնտեսական քաղաքականութիւն  կ՛իրականացնէ մեր երկիրը: Ո՛վ մարդ, ընդունէիք, մեր առաջարկը ձերը ընէիք, անունը դնէիք, որ կառավարութեան առաջարկն է, բայց իրականացնէիք այդ առաջարկը: Չեն ըներ, Յովի՛կ Աբրահամեան, չեն ըներ, հակառակը կ՛ընեն: Հակառակը կ՛ընեն, մենք անոր համար կը վրդովինք», յայտնեց պատգամաւորը:

Մինասեան նշեց, որ 45 հազար դրամը չի ծածկեր նոյնիսկ նուազագոյն սպառողական զամբիւղի արժէքը, եւ նախագիծը պատճառ կը դառնայ նաեւ ստուերային տնտեսութեան մեծացման:

Share this Article
CATEGORIES