Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ ապահովական զարգացումներ արձանագրուեցան Դամասկոսի կարգ մը թաղամասերուն մէջ, մանաւանդ կռիւի դաշտ նկատուող Ժոպարի մօտակայքը գտնուող Ապպասսիին, Սուք Հալ թաղամասերուն մէջ ուր ինկան քանի մը հրթիռներ` հիմնականօրէն պատճառելով նիւթական վնասներ:

Միեւնոյն ժամանակ Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանին մէջ, կամարին մօտ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կողքը երկու հրասանդի հրթիռներ ինկան, կայ մէկ զոհ եւ վիրաւորներ: Բարեբախտաբար եկեղեցին վնաս  չէ կրած, նոյնպէս շրջանին մէջ գտնուող հայերու շարքին վնասներ չկան:

Share this Article
CATEGORIES