Միքայի Ֆութպոլիստը` Աթլեթիքօ Մատրիտի Հետ
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի արծաթէ մետալակիր Միքայի պաշտօնական կայքէջէն` Armfootball.com կը յայտնէ, որ ակումբին 15 տարեկան մարզիկ Հայկ Գալստեան Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ 20 օրով փորձաշրջան մը անցուցած է:
Սպանական անուանի ակումբին երիտասարդական խումբին հետ հայրենի պատանի մարզիկը մասնակցած է քանի մը բարեկամական հանդիպումներու եւ բաւական արդիւնաւէտ խաղ ցուցադրելով նշանակած է 10 կոլ:
Գալստեան յառաջիկայ օգոստոսին դարձեալ պիտի մեկնի Մատրիտ:
Հայկ Գալստեան, որ այժմ Հայաստանի 17 տարեկան հաւաքականի անդամ է, այս տարի 16 տարեկանէն վար Հայաստանի պատանիներու ախոյեանութեան լաւագոյն միջնապահը ճանչցուեցաւ:
Ան արդիւնաւէտ խաղ ցուցադրեց նաեւ Հայաստանի պատանիներու ախոյեանութիւններուն` հանդէս գալով մէկ տարի աւելի բարձր դասակարգի խումբին հետ: Ան նշանակեց 22 կոլ:
Իսկ 2011-ին պատանիներու ախոյեանութեան ան 42 կոլով հանդիսացաւ կոլսքորըր: Նախորդ տարի ան նշանակեց 61 կոլ:

