Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Հարստացաւ Երեք Նոր Միաբաններով
Կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտ կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, դպրեվանքի ութամեայ շրջանի աւարտական դասարանէն երեք սարկաւագներ` Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան, Համբարձում սրկ. Պալըքճեան եւ Անդրանիկ սրկ. Տալգըլըճեան, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին կուսակրօն քահանայ օծուելով ու ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:
Շաբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ընծայեալները հաւատքի խոստովանութիւն կատարեցին, հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, աւանդութեանց ու մեր եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն հաւատարմութիւն խոստացան, ապա վեհափառ հայրապետին, միաբանութեան եւ ժողովուրդին ներկայութեան, հրապարակաւ ծնրադիր ընթերցեցին Կիլիկեան Ս. աթոռին զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը:
Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Սուրբ եւ անմահ պատարագը եւ օծումն ու ձեռնադրութիւնը կատարեց Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ` Շահէ եպս. Փանոսեան: Խարտաւիլակն էր, դպրեվանքի հսկիչ Պօղոս աբղյ. Թինքճեան: Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած` Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ: Անուանակոչութեան հոգեթով պահուն, Սեբաստիա սարկաւագը վերանուանուեցաւ Տէր Վահրիճ աբեղայ, Համբարձում սարկաւագը` Տէր Վաչէ աբեղայ եւ Անդրանիկ սարկաւագը` Տէր Վիգէն աբեղայ:
Ձեռնադրիչ սրբազանը իր քարոզին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ առիթ տուաւ այս ձեռնադրութեան կատարման, եւ ըսաւ. «Աբեղայական այս ձեռնադրութեամբ, Աստուած մեզի իմացնել կու տայ, որ մերօրեայ դժուար պայմաններուն մէջ, տակաւին կայ հաւատք, կայ կոչում եւ կայ այդ կոչումին ընդառաջում»: Ապա, Շահէ սրբազանը իր խօսքը նորընծաներուն ուղղելով ըսաւ. «Սիրելի՛ նորընծայ եղբայրներ, դուք անսալով Աստուծմէ ձեզի եղած կոչին ու հրաւէրին, ընտրեցիք հոգեւորականի ճամբան` քաջ գիտնալով, որ Քրիստոս դիւրին կեանք չխոստացաւ իրեն հետեւողներուն: Դուք ուխտեցիք ըլլալ հոգեւորական, ըլլալ Աստուծոյ գործակիցներ այս աշխարհին մէջ»: Ապա սրբազան հայրը, Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած «Մեծահարուստ երիտասարդ»-ին (Մտ. 19.16-30) դրուագը ներկայացնելով, նորաօծ աբեղաներուն գլխաւոր երեք կէտերու մասին խօսեցաւ. 1) Արտաքինով չբաւարարուիլ, այլ` հաւատքի կեանք ապրիլ: Չբաւարարուիլ միայն պատուիրանները գործադրելով, այլեւ` մեր կեանքին մէջ սորվիլ ենթարկուիլ Աստուծոյ եւ Աստուծմով առաջնորդուիլ: 2) Աշխարհն է այն վայրը, ուր կը հանդիպինք Աստուծոյ: Աշխարհն է այն վայրը, ուր Աստուծոյ գործակից կ՛ըլլանք, եւ հետեւաբար աշխարհի մէջ է, որ պիտի գործէք: Դպրեվանքէն առած ձեր հոգեմտաւոր ուսումը պիտի կատարելագործէք ձեր ծառայական կեանքին ընթացքին: 3) Հասնելու համար կեանքի կատարելութեան, բարոյական կեանքի գագաթնակէտին եւ երկինքի արքայութեան, պարտիք քալել նոյնինքն Քրիստոսի օրինակով, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ: Իր քարոզին վերջին բաժինով սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ապա շնորհաւորեց դպրեվանքի տեսչութիւնն ու դպրեվանքի մեծ ընտանիքը:
Պատարագէն ետք նորընծաները բարձրացան վեհարան, ուր միաբանութեան ու ժողովուրդին ներկայութեան ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Ապա, Մայր տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն` աջահամբոյրով ստանալու համար անոնց առաջին օրհնութիւնը:


