Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Վարչապետ Սալամը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ երկրին գործադիր իշխանութիւնը իր կարգին չի կրնար անտէր մնալ: «Հետեւաբար, մենք յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ մեր բանակցութիւններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ լրջօրէն լծուիլ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին», ընդգծեց Սալամ:
Վարչապետ Սալամ վերահաստատեց, որ ինք կը փափաքի կազմել ազգային շահերու կառավարութիւն մը:
Սալամ նաեւ յայտնեց, որ ինք իր բոլոր կարողութիւնները դրած է Լիբանանի տրամադրութեան տակ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ` կազմելու համար երկրին կառավարութիւնը:
Սալամ յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ 8-8-8 տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութեան. ան ընդգծեց, որ աւելի լաւ է կառավարութիւնը փոքր խորհրդարանի մը չվերածել: Ան աւելցուց, որ ինք կը մերժէ կառավարութեան որոշումները խոչընդոտող մէկ երրորդի դրութիւնը:


