«Ղարաբաղեան Տագնապը Շրջանային Անվտանգութեան Համար Լուրջ Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Ասքերով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր ժողովին մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Զիաֆաթ Ասքերով յայտարարած է, որ «ղարաբաղեան տագնապը շրջանային անվտանգութեան համար լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ»:

Ասքերով Պաքուի մէջ սկսած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան խորհրդարանական միութեան գործադիր կոմիտէի 30-րդ նիստին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան հարցը, ինչպէս նաեւ իսլամական միւս երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները «պէտք է լուծուին միջազգային իրաւունքի արժեչափերու, մասնաւորաբար տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին հիման վրայ»:

«Ղարաբաղեան, ինչպէս նաեւ իսլամական միւս շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները պէտք է լուծուին կարելի եղածին չափ շուտ` միջազգային իրաւական արժեչափերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ, մասնաւորաբար գլխաւոր` պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքին հիման վրայ», ըսած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:

Ասքերով աւելցուցած է, որ «Պաքու սերտ յարաբերութիւններ ունի իսլամական երկիրներու հետ եւ իսլամական արժէքները Ազրպէյճանի համար շատ կարեւոր են»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )