ՔՈՆԿ ՖՈՒ- ՈՒՈՒ ՇՈՒՈՒ. ԱՅՆՃԱՐԻ ՍԵՒ ԳՕՏԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԵՐԿՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու- ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 22 մայիսին, Այնճարի Ազգային Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ակումբներու թաու լուի բաժակի մրցաշարքի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցաշարքը:

Վերջին հանգրուանի այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի ֆետերասիոնի փոխնախագահներ Ժաք Տաղլեան եւ Նաում Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նահրա, Լիբանանի իրաւարարներու նախագահ Աւօ Սերոբեան, մասնակցող մարզիկներուն ծնողները եւ մարզասէրներ:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 80 երկսեռ մարզիկներ` տարբեր ակումբներէ:

Մրցումներուն մասնակից Այնճարի Սեւ գօտիներու միութեան մարզիկներն էին` Ալեքս Ատաճեան, Աւօ Ստամպուլեան, Պարոյր Ղուկասեան, Սիլլա Հեքիմեան, Քրիսթին Արապեան, Յարութ Տաղլեան, Հայկազուն Գէորգեան, Փոլ Տեմիրճեան, Սօսէ Գազանճեան, Դալար Քենտիրճեան, Եսուկ Ստամպուլեան եւ Զաքար Զաքարեան:

Մրցումներուն աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Այսպիսով, թաու լուի 2010- 2011 տարեշրջանի աւարտին, վերջնական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (210 կէտ): Երկրորդ դիրքը 181 կէտով գրաւեց Այնճարի Սեւ գօտիներու միութիւնը, իսկ երրորդ դիրքը` Պել Հորիզոն (95 կէտ):

 

Share this Article
CATEGORIES