Քերրի Չինաստանը Եւ Ռուսիան Զգուշացուցած Է Սնոուտենի Գործի Հետեւանքներէն
«ՌԻԱ-Նովոսթի»` վկայակոչելով «Ռոյթըրզ»-ը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Չինաստանի եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները զգուշացուցած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտենի գործի հաւանական «հետեւանքներ»-էն:
Ան Նիւ Տելհիի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սնոուտենը «դաւաճանած է իր երկրին»:
14 յունիսին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Սնոուտենի հասցէին առաջադրած էին երեք կէտերէ բաղկացած մեղադրանք, այդ կէտերէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնար մինչեւ տասը տարուան բանտարկութիւն: Ան կը մեղադրուի Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան համար կարեւոր տեղեկութեանց ապօրինի հաղորդման, հետախուզական տեղեկութիւններու հրապարակման եւ պետութեան գոյքը իւրացնելու մէջ:
Յիշեցնենք, որ այս պահուն Սնոուտենի գտնուած վայրը անյայտ է: Ան Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարանցիկ գօտիին մէջ էր եւ կը պատրաստուէր մեկնելու Հաւանա: Սակայն, ըստ աղբիւրներու, Սնոուտենը ժամը 14:05-ին թռիչք առած օդանաւին մէջ չէ եղած:


