Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Իրանի Հոգեւոր Պետ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի Ներկայացուցիչը
Երեքշաբթի, 25 յունիս 2013-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Իրանի հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի խորհրդական այաթոլլա Ղուլան Ալի Նայիմ Ապատին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդներուն:
Այաթոլլա Ապատին վեհափառ հայրապետին ներկայացուց այաթոլլա Խամենէի բարեմաղթութիւնները եւ յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ իրանահայութեան: Խօսելով Իրանի հայ համայնքին մասին` այաթոլլա Ապատի յիշեց այաթոլլա Խումէյնիի եւ այաթոլլա Խամենէի դրական վկայութիւնները հայութեան մասին: Ան ըսաւ. «Մենք ամբողջական ազատութիւն տուած ենք հայ համայնքին` իր կրօնական ու ազգային աւանդութիւնները պահելու»:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունելով բարձրաստիճան հիւրը, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութեան ու երկխօսութեան: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց իրանահայութեան նկատմամբ Իրանի պետութեան ցուցաբերած յատուկ նախանձախնդրութեան գծով:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադառնալու Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց թէ՛ Ղարաբաղի եւ թէ՛ ալ Հայոց ցեղասպանութեան գծով հայ ժողովուրդին նկատմամբ Իրանի պետութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը:


