Հարաւային Արուարձանները Վերածուեցան Զաայթեր Եւ Հժուլա Ընտանիքներու Զինեալ Բախումներուն Մարտադաշտին

Երէկ կէսօրէ ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Լայլաքի շրջանին մէջ Զաայթեր եւ Հժուլա ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնց ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ:

Ապա զինեալ բախումները սաստկացան եւ հասան «Պէ. 7» եւ «էր. Փէ. Ժէ.» տիպի  նռնականետերով բախումներու, ինչպէս նաեւ հրասանդերու արձակումի:

Զինեալ բախումներուն սաստկացումէն ետք, Լայլաքիի բնակիչները կոչ ուղղեցին բանակին միջամտելու Հարաւային արուարձաններուն մէջ ընթացող բախումներուն եւ վերահաստատելու ապահովական կայունութիւնը:

Բանակէն ջոկատ մը անմիջապէս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը եւ շրջափակեց Լայլաքիի շրջանը, ուր հալածեց զինեալները, որոնցմէ կրցաւ երկու հոգի ձերբակալել:

Բանակին Լայլաքի մուտքին շնորհիւ զինեալ բախումները շուտով վերջ գտան, սակայն բնակիչներէն ոմանք նախընտրեցին այդ շրջանէն ժամանակաւոր կերպով փախուստ տալ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )